Հոկտեմբերի սկիզբը, Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցաւ Տարիքոտ Հայ Գաղթականներու նորակառոյց Նանսէնեան Տան պաշտօնական բացումը՝ ի ներկայութեան Հիւսիսային Յունաստանի նախարար պրն. Թալիատուրոսի, Նորվեկիոյ խնամատարական նախարար պրն. Օլաֆ Երեվոլի, ՄԱԿ-ի Գաղթականաց Գրասենեակի բարձր կառավարիչ իշխան Սատրուտի Աղա Խանի, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեանի, Թեսաղոնիկէի Թաղական Խորհուրդին, եւայլն։
Նանսէնեան ծերանոցի բազման առթիւ խօսեցան՝ Հիսիսային Յունաստանի նախար պրն. Թալիատուրոս, Նորվեկիոյ խնամատարական նախարար պրն. Երեվոլի, առաջնորդ Սրբազան հայրը, Կիւլպէնկեան հաստատութեան ներկայացուցիչ պրն. Քէշիշեան, Իշխան Սատրուտին Աղա Խան, Նորվեկիական Գաղթականաց Կոմիտէի նախագահ պրն. Սփիրէր, Քրիստ. Օգնութեան Զուիցերիական հիմնարկի նախագահ պրն. Սեկէլ եւ ներկայացուցիչ պրն. Պեծիկէր եւ այլ պաշտօնական դէմքեր։ Բացումէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց նորակառոյց շէնքը։ Երեկոյեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, պաշտօնական դէմքերու ներկայութեան հոգեհանգիստ կատարուեցաւ։ Գիշերը՝ Հիւսիսային Յունաստանի նախարար պրն. Թալիատուրոս «Մետիթերանիան» պանդոկին մէջ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ի պատիւ օտար հիւրերուն։ Նորակառոյց Նանսէնեան Տունը կառուցուեցաւ Գաղթականներու նպաստամատոյց Նորվեկիական Խորհուրդի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան ծախքով։ Նանսէնեան Տան մէջ պիտի հաստատուին 50 տարեց հայ գաղթականներ։ Նանսէնեան Տան հիմերը դրուեցան երկու տարի առաջ, մեծանուն մարդասէր եւ հայասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ։ Նորակառոյց շէնքը Թեսաղոնիկէէն քիչ մը դուրս կը գտնուի եւ աւելի զբօսաշրջական պանդոկի կը նմանի քան թէ ծերանոցի։