Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Շունչդ տուր, հոգիդ, բայց քո հայրենիքը միտար թշնամեաց... Խաչատուր Աբովեանի այս խօսքերը կը յիշեն գրեթէ բոլոր այցելուները, երբ մտնեն գրագէտին ծնած տունը, որ ներկայիս վերածուած է թանգարանի։

Շէնքը թէեւ ամրաց-ւած, այնուամենայնիւ կը պահէ իր հին տեսքը։ Թանգարանին մէջ զետեղուած են Աբովեանի գրած զանազան նամակներուն, գրութիւններու 28 բնագիրներուն լուսատիպ պատճէնները։ Էսթոնիայէն բերուած են գրագէտին անձնական քանի մը իրերուն լուսանկարները։


Բ
նական շինանիւթերու անսպառ պաշարներ 
ունի Հայաստան։ Մեր երկրին ընդերքը հարուստ է քարի բազմաթիւ տեսակներով, որոնք կþօգտագործուին իբրեւ շինանիւթ, կը դառնան բնակարաններ, գործարաններ, մշակոյթի օճախներ։ Սակայն, քարը միայն շինանիւթ չէ։ Գիտութիւնը հիմա անոր մէջ գտած է հարստութեան նոր աղբիւրներ եւ հնամեայ, միայն շինանիւթ հանդիսացող քարը այսօր կ'ապրի նոր կեանք մը...։ 


Վրաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան գիտութիւններու տոքթէօրի աստիճան տուած է Ասատուր Մնացականեանի, որ վերջերս պատրաստած է շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը՝ «Հայկական զարդարուեստը» խորագրով։ Գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ հայկական զարդանկարները, անոնց ծագումն ու բնոյթը։


Խ
որհ. Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նա
խագահութեան հրաւէրով՝ Մոսկուա այցելած է Հնդկաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարվապոլի Ռատհակրիշնա։ Հնդկաստանի նախագահը 14 Սեպտեմբերին այցելած է Երեւան։ Օդակայանին մէջ ականաւոր հիւրը դիմաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Նագուշ Յարութիւնեանի եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու կողմէ։ Հնդկաստանի նախագահին հետ Երեւան այցելած են նաեւ Հնդկաստանի արտաքին նախարար տիկին Լաեշմի Ն. Մենոն, նախագահի քարտուղարը եւ հնդիկ լրագրողներ։