Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ՝ թէ Կիպրոս այս տարի, իր պաշտպանութեան համար պիտի ծախսէ երեք միլիոն երեք հարիւր հազար ոսկի։
Այս գումարէն մէկ միլիոն ոսկի պիտի յատկացնէ 40 հազարի հասնող իր զինուորական եւ ոստիկանական ուժերու ծախքերուն։ Նմանապէս յայտարարուեցաւ թէ 1965-ին, աւելի քան երկու միլիոն ոսկի պիտի ծախսուի, հակառակ անոր, որ նախահաշուի մուտքերը նախորդ տարիէն երկու միլիոն ոսկի պակաս պիտի ըլլան եւ հազիւ 16 միլիոն ոսկին պիտի անցնին։
Խորհրդային Միութեան նախագահ պրն. Անասթաս Միկոյեան Կիպրոսի ազգային տօնին առթիւ Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսին յղեց հեռագիր մը, ուր կիպրացի ժողովուրդին յաջողութիւն կը մաղթէ Կիպրոիս հարցի խաղաղ կարգադրութեան համար ինչպէս նաեւ՝ միացեալ, անկախ, գերիշխան ու խաղաղասէր կիպրական հանրապետութեան մը ամրապնդման համար։
Ամերիկեան օդանաւարդութիւնը Էտուարտս
օդանաւային խարիսխին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրեց ամերիկեան օդանաւային նոր զէնք մը, «Իֆ 12 Ա» որսորդ սաւառնակը, որ նախապէս ծանօթ էր «Ա 11» անունով։ Այս սաւառնակը Ամերիկայի պաշտպանութեան համար ներկայիս գործածուող օդամուղ սաւառնակներէն չորս անգամ աւելի արդիւնաւէտ է։ 40 մեթր երկարութիւն եւ տելթայի ձեւով թեւեր ունի։ Կրնայ կրել 8 հրթիռներ։ Այս վիթխարի սաւառնակը կը սուրայ ժամական 2 հազար մղոն արագութեամբ ու կրնայ հասնիլ մինչեւ 21 հազար մեթր բարձրութեան։
Սեպտեմբեր 21-ին, «Արմեանի» նաւով, Աղեքսանդրիայէն դէպի Պաթում եւ անկէ դէպի Հայաստան մեկնած են 139 եգիպտահայեր։ Հայրենադարձներուն հետ մեկնած է նաեւ ներգաղթի պատուիրակը։ Բազմաթիւ հայրենակիցներ փութացած են Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը, բարի ճանապարհ մաղթելու համար հայրենադարձներուն։