Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Իններորդ տարին ըլլալով՝ Հ. Գթ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութիւնը ուխտագնացութիւն մը կազմակերպեց դէպի Գավալա, տեղւոյն Ս. Խաչ եկեղեցւոյն անուան տօնակատարութեան առթիւ։

Երեք մեծ փուլմաններով եւ մէկ քանի անձնական ինքնաշարժներով, ընդամէնը շուրջ 130 հոգի, Կիրակի առաւօտ ժամը 7։30-ին ճամբայ ելան Թեսաղոնիկէէն։ Ճամբան կարճ դադար մը առնելէ վերջ, ժամը 10։30-ին, հասան Գավալա։ Եկեղեցին եւ բակը լեցուեցան։ Պատարագիչն էր Առաջնորդ Տ. Սահակ Սրբազանը, որուն կը սպասարկէին Թրակիոյ հովիւ արժ. Տ. Շահէ Գալայճեանը եւ Թեսաղոնիկէի հովիւ՝ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեանը։ Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Գոմոթինիի եւ Գավալայի Դպրաց դասերու անդամները՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Գալայճեանի։ Պատարագի ընթացքին, սրբազան հայրը տուաւ կրօնաշունչ եւ ազգաշունչ քարոզ մը։ Կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ հոգեհանգիստ։ Յաջորդաբար ուղղուեցան դէպի այն ծովեզերեայ ճաշարանը, ուր կը հաւաքուին ամէն տարի, այս տօնին առթիւ։ Սրբազան հօր թելադրանքով՝ օրուան թամատան դժուարութիւն չքաշեց անպատրաստից յայտագիր մը գործադրութեան դնելու համար։ Պատշաճ քանի մը խօսքով բացումը կատարելով սկսաւ յայտագրի գործադրութեան։ Շատ յաջող արտասանութիւններ ըրին՝ օր. Ա. Յովհաննէսեան, Ս. Վարդեան, Թ. Շմաւոնեան, Ա. Աբէլեան, Ս. Տիշլեան։ Օր. Ն. Պօղոսեան ըրաւ հայերէն երկու մեներգ։ Հիւսիսային Յունաստանցիներուն համար յայտնութիւն մը եղաւ Համազգայինի Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի շրջանաւարտներէն երիտասարդ ուսուցիչ պրն. Կիրակոս Մկրտիչեանը, որ իմաստալից ուղերձ մը ըրաւ, շեշտելով՝ թէ ըլլայ ազգային, ընկերային կամ անհատական կեանքի մէջ, միշտ պէտք է առանց յուսալքուելու պայքարիլ՝ բաղձացուած արդիւնքին կարենալ հասնելու համար։ Ապա, պրն. Լեւոն Ճլկունի շեշտեց այս տեսակի ազգային հաւաքոյթներու օգտակարութիւնը։ Գավալայի Թաղականութեան ատենապետ պրն. Տիգրան Պլէճեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկաներուն, որ հեռաւոր քաղաքներէ եկած են Գավալայի եկեղեցւոյ տօնակատարութեան մասնակցելու։ Երեկոյեան վերադարձի ճամբան առին զուարթ տրամադրութեամբ։