Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Ամէն Օգոսոսի երկրորդ Կիրակին բացումը կը կատարուի որսի եղանակին։ Այս առթիւ կարգ մը շահեկան տեղեկութիւններ տուած է երկրին կենդանական աշխարհի մասին Ա. Ամիրեան, որ որսորդական եւ ձկնորսական միութեան նախագահն է.¬ Սեւանի լիճի իշխանաձուկը զանազան լիճերու եւ գետերու մէջ բազմացնելու աշխատանքներ կը կատարուին։ Այղր լիճին, Մարմարիկ, Քասաղ, Բլտանչեայ եւ այլ գետերու մէջ ձգուած են շուրջ երեք միլիոն շերեփուկ եւ երեք ամսու իշխանաձուկեր։ Միջոցներ ձեռք առնուած են բազմացնելու համար կենդանիներու եւ թռչուններու այն տեսակները, որոնք ժամանակի ընթացքին անհետացած են Հայաստանի սահմաններուն մէջ։ Անցեալ աշնան, Խոսրովի անտառին մէջ ձգուած են Խրիմէն բերուած փասիաններ, ինչպէս նաեւ ուրիշ շրջաններէ բեր- ւած եղջերուներ։ Երեսուն տարի առաջ Երեւան շրջապատուած էր կաքաւներու երգով։ Այս սքանչելի թռչունէն ներկայիս միայն յիշատակ մնացած է, բայց կը յուսացուի թէ ձեռք առնուած միջոցներով՝ մօտ ատենէն վերստին լսելի կը դառնայ անոնց երգը Աշտարակէն մինչեւ Ծի- ծեռնակաբերդ ու Հրազդան, Եղեգնաձորէն մինչեւ Ջերմուկ։

- Ղափան-Քաջարան ճամբու կէսին, Դաւիթ Բէկի ամրոցին աւերակներէն քանի մը քիլոմեթր հեռու, կը հոսի Գեղի գետը: Գեղաձորը Հայաստանի չքնաղ անկիւններէն մէկն է, Բարգուշատի հարաւային լանջերուն: Արագահոս այս լեռնային գետը, որ կը սկսի 3400 մեթր բարձրութենէ, գարնան եւ աշնան կը յորդի: Այս յորդումներուն ատեն երեւան կու գան մարմարներու, եղջերաքարերու բիւրեղացած հրաքարերու եւ այլ տեսակ քարերու գեղեցիկ նմուշներ: Միլիոնաւոր տարիներ առաջ, երբ Բարգուշատի լեռները դեռ մէջտեղ չէին եկած եւ կը գտնուէին ծովին յատակը, տիղմը շերտ-շերտ կը կուտակուէր: Հետագային, երբ ծովուն յատակէն վեր խոյացած են լեռները, տիղմին բազմագոյն եւ բազմաթիւ նուրբ շերտերը ենթարկուած են կերպարանափոխութեան, ամրացած ու դարձած են շերտաւոր քարի տեսակներ: Ասոնք կարելի է օգտագործել զարդարելու համար շէնքերու ճակատները, սրահները, սանդուխները, մուտքերը եւ այլն: