- Երեւանի Բանուորական Ընկերակցութեանց Ազգային Խորհուրդի նախագահ՝ Սոկրատ Առաքելեանի յայտարարութեան համաձայն, վերջերս պատրաստուած եւ մօտերս գործադրելի ընկերային օրէնքներու շնորհիւ, Հայաստանի որոշ հանրային մարզերու բանուորներու աշխատավարձքերը զգալի յաւելում պիտի կրեն եւ պատճառ պիտի դառնան ժողովուրդի կենցաղին բարօրութեան։
- Շինարարական «Երեւան պըրոէթ» հիմնարկութիւնը կազմած է մայրաքաղաքին ապագայ ընդարձակման ընդհանուր յատակագիծը։ Յառաջիկայ 15 տարիներու ընթացքին՝ քաղաքին տարածութիւնը 1.5 անգամ պիտի աւելնայ եւ բնակչութեան թիւը 900 հազարի պիտի հասնի։ Նոր թաղեր պիտի կառուցուին Հրազդանի աջ ափի երկայնքին եւ Երեւանի արեւմտեան կողմի տարածութեանց վրայ։ Ըստ ծրագրին, նախատեսուած է՝ 16-էն 19 յարկանի բնակութեան շէնքերու մեծ թաղ մը։
- Այս տարի հանրային կրթութեան համար յատկացուած է 75 միլիոն ռուպլի։ Դպրոցական վերամուտին, Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ՝ 50 նոր դպրոց բացուած են։ Արհեստուսոյց աշխատանոցներու սարքաւորումը հարստացած է 1500 մետաղատաշ եւ 5 հազար այլ մասնագիտական գործիքներով։ Կը նախատեսուի, որ դպրոցական աշակերտներու թիւը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 500 հազար իսկ արհեստուսոյց եւ այլ հաստատութեանց ուսանողներու թիւը՝ 50 հազար։
- Վերջերս Հայաստան այցելած են բազմաթիւ գիտնականներ։ Քեմպրիճի համալսարանի դասախօս Մեյէր Ֆորթիս հետեւեալ ձեւով արտայայտած է իր տպաւորութիւնները Հայաստանէն. «Գովասանքի շատ խօսքեր կարելի է ըսել բացառիկ աշխատասէր, բարեացակամ եւ հիւրընկալ հայ ժողովուրդի հասցէին։ Երեւանի պատմութեան թանգարանը մէկն է լաւագոյններէն, որ մինչեւ այժմ առիթ ունեցած եմ տեսնելու»։