Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը հրատարակէ ազգագրական տարեցոյց մը: 1963-ի տարեցոյցէն ի յայտ կու գայ, թէ ամէն տարի երկրագունդին բնակչութիւնը 63 միլիոն յաւելում մը կ՛ունենայ: 1962-ին երկրագունդի բնակչութիւնը 3,135,000,000 միլիոն էր: Աճի տոկոսը եղած է 2,1 առ հարիւր: Ամէնէն աւելի աճող շրջանը Կեդրոնական Ամերիկան է: Հոն աճի տոկոսը 2,9 առ հարիւր է: Թուական տեսակէտէն, արեւելեան Ասիոյ մէջ բնակչութիւնը հսկայաքայլ կը յառաջանայ: 1962-ին 74 միլիոն աւելի բնակիչ ունի, քան՝ 1958-ին: ՄԱԿ-ի տարեցոյցին համաձայն, աշխարհի բնակչութիւնը առնուազն 20 առ հարիւր կը գտնուի չինական ցամաքամասին վրայ: Չինաստանի բնակչութիւնը 670-680 միլիոն կը հաշուէ: Չինաստանէն ետք, ամէնէն բազմամարդ երկիրներն են Հնդկաստան՝ 449 միլիոն, Խորհրդային Միութիւն՝ 221 միլիոն, Միացեալ Նահանգներ՝ 187 միլիոն, Ինտոնեզիա՝ 98 միլիոն, Փաքիստան՝ 97 միլիոն, Ճափոն՝ 95 միլիոն, Պրազիլ՝ 75 միլիոն, Գերմանական Դաշնակցային Հանրապետութիւն՝ 55 միլիոն, Մեծն Բրիտանիա՝ 53 միլիոն, Ֆրանսա՝ 46,450,000: Աշխարհի տասը ամէնէն ընդարձակ երկիրներն են, կարգով՝ Խորհրդային Միութիւն, Քանատա, Չինաստան, Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Աւստրալիա, Հնդկաստան, Արժանթին, Սուտան եւ Ալճերիա: Թոքիօ իր 8,613,000 բնակչութեամբ կը մնայ աշխարհի մեծագոյն քաղաքը՝ գլել անցնելով Նիւ Եորքը, որ 1962-ի ապրիլին 7,781,984 բնակիչ ունէր իր արուարձաններով: Ուստի, աշխարհի մեծագոյն քաղաքներուն շարքը կը ստանայ հետեւեալ պատկերը. Թոքիօ, Նիւ Եորք, Շանկհայ (6,900,000) բնակիչ, Մոսկուա (6,717,000), Պոմպէյ (4,422,165), Փեքին (4,010,000), Շիքակօ (3,550,404), Գահիրէ (3,418,400), Ռիօ տը Ժանէյրօ (3,223,408), Թիէնցին (3,220,000), Լենինկրատ (3,180,000), Լոնտոն (3,179,980), Սան Փաուլօ (3,164,804), Օզաքա (3,191,000) եւ Մեքսիքօ (3,050,000): Առաջին անգամ ըլլալով տարեցոյցը տեղեկութիւններ կու տայ ափրիկեան նոր պետութիւններուն մաս կազմող ցեղախումբերու մասին: Ղանայի բնակչութիւնը 6,726,820 է, որուն 6,710,850-ը կը պատկանին 103 ցեղախումբերու: