Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հալէպի մեր պաշտօնակից «Արեւելք» (9 Հոկտեմբեր) կը գրէ.- Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ ժողովականներու, անցեալ Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք Դամասկոս մեկնեցաւ:

Սրբազան հայրը Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը այցելեց վարչապետ Մատմուն Քուզպարիի, զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ապտել Քերիմ Զահրէտտինի, ներքին գործոց նախարար Լէոն Զամարիայի, կրթական նախարար Իզզեթ Նասի եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ապտել Ռահման Հուրիէի: Սրբազան հայրը ջերմապէս շնորհաւորեց վարչապետը, ընդհանուր հրամանատարը եւ նախարարները՝ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան հռչակումին առիթով, եւ սրտագին մաղթանքներ ըրաւ Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի յարաճուն վերելքին եւ ժողովուրդի բարգաւաճման համար: Օրհնեց քաջարի բանակը եւ մաղթեց, որ անսասան մնայ արաբ հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ սուրիական հայրենիքին եւ արաբ աշխարհին մէջ օգտակար, շինարար ու հաւատարիմ տարր է: Խոստացաւ իր կարելին ընել օգտակար ըլլալու համար ժողովուրդին: Բանակի ընդհանուր հրամանատարը նոյնպէս իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին համար: Սրբազանը դրուատեց բանակին քաջարի սպաները եւ զինուորները, որոնք արթուն պահակներն են հայրենիքին: Կրթական նախարար Իզզեթ Նաս, պատասխանելով սրբազան հօր շնորհաւորութեան եւ բարեմաղթութեան խօսքերուն, յայտարարեց, թէ նախարարութիւնը առանց խտրութեան հոգածու է բոլոր վարժարաններուն հանդէպ եւ պատրաստ է որեւէ օժանդակութիւն ընծայելու անոնց բարգաւաճման համար: Գովեց մանաւանդ հայ մանուկներու արաբերէն լեզուի մէջ յառաջդիմութիւնը՝ օրինակ բերելով նախակրթութեան պետական քննութեանց մէջ անոնց բացառիկ յաջողութիւններ: