Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

-Երեւանի Բանուորական Ընկերակցութեանց Ազգային Խորհուրդի նախագահ՝ Սոկրատ Առաքելեանի յայտարարութեան համաձայն, վերջերս պատրաստուած եւ մօտերս գործադրելի ընկերային օրէնքներու շնորհիւ, Հայաստանի որոշ հանրային մարզերու բանուորներու աշխատավարձքերը զգալի յաւելում պիտի կրեն եւ պատճառ պիտի դառնան ժողովուրդի կենցաղին բարօրութեան։

-Շինարարական «Երեւան¬պըրոէթ» հիմնարկութիւնը կազմած է մայրաքաղաքին ապագայ ընդարձակման ընդհանուր յատակագիծ։ Յառաջիկայ 15 տարիներու ընթացքին՝ քաղաքին տարածութիւնը 1.5 անգամ պիտի աւելնայ եւ բնակչութեան թիւը 900 հազարի պիտի հասնի։ Նոր թաղեր պիտի կառուցուին Հրազդանի աջ ափի երկայնքին եւ Երեւանի արեւմտեան կողմի տարածութեանց վրայ։ Ըստ ծրագրին, նախատեսուած է՝ 16-էն 19 յարկանի բնակութեան շէնքերու մեծ թաղ մը։ Մայրաքաղաքին հիւսիսային կողմը պիտի հաստատուի ճարտարարուեստի նոր ու կարեւոր կեդրոն մը, նախընտրաբար վերապահուած ելեկտրական, մեքենական եւ ասոնց յարակից գործատուներու։

-Այս տարի հանրային կրթութեան համար յատկացուած է 75 միլիոն ռուպլի։ Դպրոցական վերամուտին, Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ՝ 50 նոր դպրոց բացուած են։ Արհեստուսոյց աշխատանոցներու սարքաւորումը հարստացած է 1500 մետաղատաշ եւ 5 հազար այլ մասնագիտական գործիքներով։ Կը նախատեսուի, որ դպրոցական աշակերտներու թիւը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 500 հազար իսկ արհեստուսոյց եւ այլ հաստատութեանց ուսանողներու թիւը՝ 50 հազար։

-Վերջերս Հայաստան այցելած են բազմաթիւ գիտնականներ Մ. Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Նորվեկիայէն, Ճափոնէն, Նոր Զիլանտայէն։