(Շար.) Բայց ինչպէ՞ս կը սկսի եւ ինչպէ՞ս կը վերջանայ այս գործը, որ իսկապէս հրաշքի համազօր է, մեր պայմաններուն մէջ։
Որոշ է, որ ամէն ինչ նիւթականի վրայ հիմնուած է եւ եթէ մեր Խաչուհիները գործի սկսելէ առաջ մանրամասն նախահաշիւ պատրաստէին եւ անոր համեմատ շարժէին, պիտի սարսափէին եւ անկարելի նկատելով՝ պիտի հրաժարէին։ Սակայն, հայկական հաւատքը եւ կամքը կը քաջալերէ զանոնք եւ առանց մանրամասնութիւնները նկատի առնելու, անոնք գործի կը սկսին ու իրենց յուսացածէն աւելիով կը յաջողին։ Խնամատարական նախարարութեան տրամադրած ուտեստեղէնները անշուշտ, մեծ օգտակարութիւն կþունենան, բայց յարակից ա՛յնքան ուրիշ ծախքեր կան, որ եթէ ողջմիտ հայութեան աջակցութիւնը չըլլայ, այս գեղեցիկ եւ ազգօգուտ ձեռնարկը գլուխ չելլեր։ Յետոյ, նիւթականին քով կայ բարոյական հսկողութիւնը եւ մատակարարութիւնը, զորս մեր աննման քոյրերը կը կատարեն աննըկարագրելի անձնազոհութեամբ։ Ըլլա՛յ Աթէնքի, ըլլա՛յ Թեսաղոնիկէի կայանները կրնան իբր օրինակ ծառայել ուրիշներու, իրենց մաքրութիւնով ու կանոնաւորութեամբ։ Այս տարի բախտս ժպտեցաւ եւ վերջապէս կրցայ Աթէնքի կայանը այցելել։ Ու պէտք է ըսեմ, որ լսածէս աւելին տեսայ աչքերովս։ Տրոսիայի պուրակը իրապէս կþարդարացնէ իր անունը։ Մեր փոքրիկները բնութեան ծոցին մէջ, Խաչուհիներու հսկողութեան տակ կը խաղային, կը վազէին ու կը ցատկռտէին ու կ'երգէին։ Վերջացնելէ առաջ, ըսեմ նաեւ՝ որ մէկ մղձաւանջ ունին մեր Խաչուհիները։ Կայանի համար սեփական վայր չունին եւ ամէն տարի մեծ մտահոգութեան կը մատնուին։ Եթէ սեփական հող ունենան, թէ այդ մտատանջութենէն կþազատին եւ թէ ամէն տարի չեն ստիպուիր կարգ մը անհրաժեշտ բաներ շինելու եւ ետքէն քանդելու համար ահագին ծախքեր ընել։ Պէտք է մտածել այս մասին։ Պէտք է միջոցներ փնտռել եւ իրագործել մեր փոքրիկներու առողջութեան համար կարեւոր այս ձեռնարկը։ Ապրին, հազար ապրին մեր անձնազոհ Խաչուհիները։ (Վերջ)