Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Վարազդատ Քիւփճեանի ստորագրութեամբ
կը կարդանք հետեւեալ գրութիւնը.- Իրենց առաքելութիւնը լրիւ կատարելէ ետք, փակուեցան Թեսաղոնիկէի եւ Աթէնքի աշակերտական կազդուրման կայանները, կամ ժողովրդական բառով՝ քէմփերը։

Հաւանաբար շատեր չեն գիտեր թէ ինչպէ՞ս կը սկսին եւ ինչպէ՞ս կը վերջանան այս կայանները։ Յունաստանի մէջ, Երկրորդ Աշխարհամարտէն վերջ է որ սկսան գործել այս կայանները, ինչպէս միշտ, բոլոր լաւ ու ազգանպաստ գործերու նախաձեռնող Հայ Կապոյտ, կամ Գթութեան Խաչերու զոհաբերութիւնով։ Աթէնքի մէջ, աւելի քան տասը տարի է որ անընդհատ կը շարունակուի ամառնային կազդուրման կայանը՝ Հ. Կ. Խաչի նախաձեռնութեամբ։ Ուրախալի է որ, այս տարի, Հ. Գթ. Խաչը յաղթելով բազմաթիւ արգելքներու, որոնց գըլխաւորագոյնը նիւթականն էր, Օրէոքասթրոյի գեղատեսիլ բարձունքին վրայ կրկին բացաւ իր ամառնային կազդուրման կայանը, որ վստահ եմ թէ ասկէ ետք այլեւս միշտ պիտի կազմակերպուի։ Ինչպէս ամէն երկիր, Յունաստան եւս ամէն տարի կը կազմակերպէ նման կայաններ, նիւթական լայն միջոցներ ու փորձառու անձնակազմ տրամադրելով անոնց, ու միակ նպատակ ունենալով դպրոցական պզտիկներու օդափոխութիւնը, որպէսզի, դպրոցական վերամուտին առողջ մարմնով ու թարմ մտքով կարենան իրենց դասերուն հետեւիլ ու լաւ արդիւնքներ ձեռք բերել։ Հ. Կ. Խաչի Աթէնքի կազդուրման կայանն ալ նոյն նպատակին կը ձգտի կարծեմ։ Իսկ Թեսաղոնիկէի կայանը, ատկէ զատ ունի ուրիշ ազգային նպատակ մըն ալ։ Հիւսիսային Յունաստանի հայ փոքրիկներուն սորվեցնել իրենց մայրենի լեզուն ու անոնց մէջ վառ պահել ազգային ոգին։ Որովհետեւ, այս շրջանին մէջ չկայ ուրիշ հայկական վարժարան, բացի քաղաքիս Ծաղկոց-նախակրթարանէն, որ սահմանափակ ժամերով կը գործէ եւ ուր մեր անձնուէր ուսուցչուհիները ամէն ճիգ կը թափեն, մեր պզտիկներուն տոհմային առողջ դաստիարակութիւն տալու եւ զանոնք ազգային շունչով մեծցնելու համար։ (Շար. 1)