Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

(Շար.)
Խարոյկահանդէսին պահուն արիներ ու գայլիկներ իրենց լրիւ տարազով կոկիկ են ու կարգապահ։ Մօտ մէկ ժամ տեւող հանդիսութեան մը ընթացքին արիները կը զուարճացնեն ներկաները իրենց խաղերով, պարերով, յունական եւ հայկական զաւեշտներով, ուր իրենց թաքուն շնորհները ի յայտ կը բերեն ապագայի յոյսեր ներշնչելով։

Որպէս փակման խօսք բանակումի խմբապետ եղբ. Կարօ Աւագեան կը շեշտէ բանակումի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը մեր տղոց ֆիզիքական ու մտային դաստիարակութեան համար, տալով զուգընթացաբար տեղեկութիւններ բանակումի կազմակերպչական աշխատանքներուն շուրջ։ Խմբապետութեան կողմէ շնորհակալութեան խօսք կ'ուղղէ բոլոր միութիւններուն ինչպէս նաեւ անհատներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերած են բանակումի յաջողութեան։ Խօսքը կը տրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ՝ եղբ. Դանիէլ Դանիէլեանին, որ ամփոփ խօսքերով կը պարզէ նպատակը միութեան, կոչ ընելով ծնողներուն՝ որ իրենց զաւակները բերեն եւ արձանագրեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս։ Ապա խօսք կը տրուի աւագ խմբապետ եղբ. Լեւոն Գայեանին, որ լողորդական մրցումներու արդիւնքները կարդալէ ետք, իր կարգին դարձեալ կը շնորհաւորէ բանակումի խմբապետական կազմը, մաղթելով ուժ, կարողութիւն եւ համբերութիւն կարենալ կրկին կազմակերպելու համար նման բանակումներ յաջորդ տարիներուն ալ։ Երեկոյեան, հեռուէն կը լսուէր դրօշին էջքը յատկանշող փողին ազդանշանը, որ արձագանգեց մինչեւ անտառին խորերը եւ մեր արիները ամենայն կարգապահութեամբ կատարեցին դրօշակներու էջքը։ Երեկոն բաւական յառաջացած էր, երբ ներկաները ակամայ հրաժեշտ առին բանակատեղիէն նորանոր յաջողութեանց ջերմագին մաղթանքներ ընելով խմբապետութեան՝ իրենց հետ տանելով հաճելի եւ հայկական օր մը վայելած ըլլալու հոգեկան անփոխարինելի բաւարարութիւնը։