Զանգեզուրի հարաւային շրջանին մէջ փռուած են Ծաւ, Շիկահող, Սրաշէն, Շիշկերտ եւ Ներքին Հանդ գիւղերը, բազմաթիւ գիւղերու նման զուրկ են շարժանկարի սրահներէ: Այս պատճառաւ կազմակերպուած են շրջուն շարժանկարի ներկայացումներ: Այս տարուան ընթացքին այդ գիւղերուն մէջ ցուցադրուած են 250 ժապաւէններ:
Լոռիի անդնդախոր ձորին գողտրիկ անկիւններէն մէկուն մէջ կը գտնուի Ախթալայի հանգստեան տունը: Հոս օդը մաքուր է, երկինքը՝ ջինջ: Ձորէն ֆշշալով կը հոսի դեբետ գետը, իսկ անոր ափերէն դէպի Թիֆլիս եւ Երեւան կը սուրան շոգեկառքերը: Վերջին տարիներուն, արդիական յարմարութիւններով օժտուած հանգիստի տուն մը դարձած է Ախթալան: Կառուցուած են նոր ննջարաններ, ճաշարան, ակումբ, բաղնիք:
Մոսկուայի մէջ ներկայացուած են Երեւանի նորաձեւոութեան տան հագուստները՝ այր մարդոց, կանանց եւ երախաներու յատուկ, թիւով 520: Մեծ մասը գնահատուած է, իսկ նորաձեւութեան տունը ստացածէ մրցանակ:
Հայաստան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան որոշումով՝ վերջերս Հայաստանի Կոտայքի շրջանը վերամկրտուած է Աբովեան, իսկ Աղինի շրջանը՝ Անի: Զոյգ որոշումները տրուած են Հոկտեմբեր 12-ի նիստի ընթացքին: Ժամանակն է նաեւ որ նոյն ձեւի կարգադրութիւններ ըլլան «հնաբոյր» (Ալավերդի եւայլն) եւ «նորաբոյր» (Սթալին, Կալինինօ եւայլն) տեղանուններուն համար: Ասկէ առաջ հայկական գեղեցիկ տեղանուններ ընտրած էին: Մաղթելի է որ շարունակեն:
Պուրճ Համուտի (Պէյրութ) Ժողովրդային Տան Ռշտունի սրահին մէջ, Հաճնոյ հերոսամարտի 42-րդ տարեդարձին առթիւ յիշատակի հանդէս մը տեղի ունեցած է, Հաճնոյ Գոյամարտ Միութեան նախաձեռնութեամբ: