Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հոգեկան անխառն հրճուանքով ու խոր գոհունակութեամբ կը լեցուինք, երբ մեր սկաուտ խմբապետները հերոսական ճիգերով, ի գին շատ մը զոհողութիւններու, գլուխ կը հանեն սկաուտական բանակումի դժուարին գործը,

ի մի հաւաքելով մեր արիներն ու գայլիկները, Ֆաներոմէնիի ծառախիտ ծովափը, տալով անոնց ֆիզիքական կազդոյր եւ ջամբելով սկաուտական ու հայեցի առողջ դաստիարակութիւն։ Օգոստոս 15-ին, ուրիշներու կարգին մենք ալ ճամբայ ելանք դէպի Ֆաներոմէնի, բանակավայրը այցելելու։ Բանակավայրի կեդրոնի բարձր ձողի կատարին ծածանող յունական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի զոյգ դրօշակները հեռուէն տեսնելով, հասկցանք որ մօտեցած ենք բանակատեղիին։ Հինգ-վեց կոկիկ վրաններ, սաղարթախիտ մայրիներու ներքեւ պահուըտած եւ սպիտակ քարերով եզերուած։ Վրաններուն եւ շրջակայքի բծախնդիր մաքրութիւնը ակնբախ է այցելուին առաջին իսկ ակնարկէն։ Իւրաքանչիւր խմբակ ունի իր վրանը, որուն առջեւ գունաւոր խճաքարերով, վարպետօրէն ու մեծատառ, գրուած է համապատասխան խմբակին անունը եւ գեղեցկօրէն «քանդակուած» զայն խորհրդանշող պատկերը։ Արշալոյսէն արդէն արիներու ծնողները եւ համակիրները գունդ-գունդ կը հասնին ու տեղ կը գրաւեն զովասուն մայրիներու շուքին տակ։ Եւ ահա քիչ վերջ բոլորս ծովն ենք։ Սկաուտներն ու գայլիկները իրենց օրուան պատասխանատու խմբապետին առաջնորդութեամբ՝ սուլիչի ազդանշանին վրայ ծով կը խուժեն։ Մօտ մէկուկէս ժամ տեւող ծովու լոգանքէ ետք, բոլորս կը վերադառնանք մեր տեղերը։ Կէսօրուան ճաշէն եւ հանգիստէն ետք, տեղի կþունենան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան լողորդական մրցումները, խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Մրցումներէն ետք՝ տեղի կþունենայ խարոյկահանդէսը։ Կիսաշրջանակ շարուած նստարանները կը գրաւուին հանդիսականներու կողմէ։ Մէջտեղը զետեղուած են բոցավառ ջահեր։

(Շար. 1)