Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեան եւ Ազգային Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան, ներքին գործոց նախարար պրն. Թումպասի մասնաւոր հրաւէրով, Կիրակի առաւօտ ներկայ գտնուեցան Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի ծննդեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան առթիւ՝ անոր յիշատակին Աթէնքի Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան,

որուն նախագահեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս ամենապատիւ Տ. Խրիսոսթոմոս սրբազան եւ ներկայ գտնուեցան՝ վարչապետ պրն. Բաբանտրէու, կառավարութեան անդամներ, երեսփոխաններ, քաղաքական, քաղաքապետական եւ զինուորական իշխանութիւնները։ Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի կեանքին ու գործին մասին կուռ ճառ մը խօսեցաւ արտաքին գործոց նախարար պրն. Ս. Քոսթոբուլոս։ Արարողութեան աւատէն ետք, վարչապետ պրն. Ե. Բաբանտրէու դափնեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ Զինուորի դամբանին վրայ։ Մայր եկեղեցիին շուրջ դիրք բռնած էին զինուորական ջոկատներ՝ որոնք պատուի առին վարչապետը, նախարարներն ու միւս պաշտօնական դէմքերը։ Ամբողջ քաղաքը դրօշազարդուած էր Կիրակի առաւօտ իսկ երեկոյեան՝ լուսավառուած էին պետական բոլոր հաստատութիւնները։ Շաբաթ գիշեր ալ, Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի գործակիցներէն նախկին նախարար պրն. Բոթիս Ցիմպիտարոս Աթէնքի Ձայնասփիւռէն գեղեցիկ ճառ մը խօսելով բացումը կատարեց Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի ծննդեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան տարիին։ Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ տրուած հրահանգին համաձայն, Կիրակի օր, Յունաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ յատուկ հոգեհանգիստ՝ նորագոյն Յունաստանի մեծանուն զաւկին եւ հայ ժողովուրդի անկեղծ ու մեծ բարեկամին՝ Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի յիշատակին, անոր ծննդեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան տարուան բացման առթիւ։