- Յուլիս 12-ին Պուէնոս Այրես հասած է Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան: Արժանթինեան թերթեր արձագանգ հանդիսացած են պատրիարքին ժամանումին եւ տեղեկութիւններ տուած՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մասին: Եղիշէ պատրիարք իրեն ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին բացատրութիւններ տուած է Ս. Յարութեան տաճարի նորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք սկսած են երկու տարի առաջ՝ հսկողութեանը ներքեւ երեք ճարտարապետներու, որոնցմէ մէկը հայ է: Արժանթինի հայութիւնը խանդավառ ընդունելութիւն մը ցոյց տուած է Եղիշէ պատրիարքին:
- Լեւոն Քէշիշեան թելեվիժըն Կազմակերպութիւնը պատրաստելու վրայ է հայկական վաւերագրական արժէքաւոր ժապաւէն մը, ուր պիտի տրուի 31 Մայիս 1964ի Նիւ Եորքի Համաշխարհային Ցուցահանդէսի Հայկական Օրուան հանդիսութիւնը։ Ժապաւէնին մէջ պիտի տեսնուին հայկական պարեր եւ երգեր։ Սինկըր Պոլի հսկայ սթատիումին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիսութեանց ներկայ եղած էին աւելի քան 10.000 հայեր։ 2600 ոտք երկայնք ունեցող ձայնաւոր այս ժապաւէնը նկարած է շուէտացի համբաւաւոր քամերաման Լարս Չոմպէրկ, որ ժամանակին գործակցած է Ինկմար Պերկմանի հետ։ Որպէս օգնական, ձայնաւոր քամերայի վրայ աշխատած է Պոպ Ֆեսթրի։ Ձայնը ղեկավարած է շուէտացի արուեստագէտ Մարթին Պրունէլ։ Օրուան յայտագիրը հայերէնով կը ներկայացնէ Մինաս Մինասեան։ Նմանապէս հայերէնով, իմաստին մասին կը խօսին՝ օրուան նախագահ պրն. Ճորճ Մարտիկեան եւ օրուան կարգադրութեանց պատասխանատու պրն. Վիգէն Պապայեան։ Դերասանուհի Անիթա Տարեան կը ներկայացնէ յայտագրի մանրամասնութիւնները։ Վաւերագրական այս ժապաւէնը ղեկավարուած եւ արտադրուած է Լեւոն Քէշիշեանի կողմէ։