Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

1949-էն ասդին, առաջին անգամ ըլլալով, յունահայ գաղութին մէջ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում տեղի ունեցաւ Տուրղութիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։

Ձեռնադրեալն էր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի քահանայական դասարանի շրջանաւարտներէն բարեշնորհ Սարգիս սարկաւագ Պապօղլեան։ Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնները աւելի մեծ փայլ ստացան ներկայութեամբ Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ՝ գերշ. Տ. Գարեգին Սարգիսեան Եպիսկոպոսի, որ հիւրաբար Աթէնք կը գտնուի եւ որ Կիրակի օրուան պատարագիչը հանդիսացաւ։ Ս. պատարագի արարողութիւնները կատարուեցան Աթէնքի եւ Տուրղութիի դպրաց դասերու կողմէ, մասնակցութեամբ «Կիլիկիա» երգչախումբին, զոր ղեկավարեց տիկին Ալիս Ֆարաճեան։ Խորանին վրայ, պատարագիչ գերշ. Տ. Գարեգին սրբազանին կը սպասարկէին՝ Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան եւ Կիպրոսի հոգեւոր հովիւներէն Տ. Վազգէն քհնյ. Սանտրունին, որ կը կատարէր աւագ սարկաւագի պարտականութիւնը։ Խորանին վրայ՝ ծնրադիր ներկայ էր ընծայացուն՝ Սարգիս սարկաւագ։ Խարտաւիլակի պաշտօնը կատարեց պատարագիչ Տ. Գարեգին Սրբազան։ Յուզիչ էր պահը, երբ Գարեգին Սրբազան ընծայացուին կը շնորհէր փիլոնի, շուրջառի, գօտւոյ եւ սաղաւարտի տուչութիւնները։ Տուչութիւններու ստացումէն ետք, ձեռնադրեալը առաջնորդուեցաւ աւանդատուն եւ պահ մը յետոյ, «Խորհուրդ Խորին»ով, դպիրներու եւ սարկաւագներու ընկերակցութեամբ բարձրացաւ Խորան։ Իբր քահանայ, Պապօղլեան սարկաւագ իր առաջին երեւումը կատարեց Հայաստանեայց եկեղեցիին Խորանին վրայ։ Շարունակուեցան Ս. պատարագի երգեցողութիւնները, մինչեւ «Սրբասացութիւն», երբ գերշ. Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Ս. Միւռոնը կաթեցուց բամպակի վրայ եւ անով օծեց ու կնքեց ճակատը եւ աջ ու ահեակ ափերը ձեռնադրեալին, զոր վերանուանեց Տ. Գեղարդ քահանայ, ըստ փափաքին կնքահայրութեան պարտաւորութիւնը ստանձնած Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասի քաղաքապետ պրն. Յակոբ Աշճեանի։