Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Լոս Անճելըս բնակող խումբ մը հաւատաւոր ծնողներ ձեռնարկած են գործի, ղեկավարութեամբ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, հիմնելու համար առաջին հայ դպրոցը Հիւս. Ամերիկայի ցամաքամասին վրայ։

Երեք էյքըր հող գնուած է եւ կազմուած են Շինութեան Յանձնախումբ մը եւ Ուսումնական խորհուրդ մը։ Ապագայ վարժարանը, որ պիտի կոչուի Մեսրոպեան, պիտի ունենայ 12 դասարան, երկու յարկի վրայ, ուսուցչարան, տեսչարան եւ այլ ամէն յարմարութիւն։ Դպրոցի կողքին պիտի կանգնուի հսկայ սրահ մը, որ պիտի կրնայ բովանդակել աւելի քան հազար հոգի։ Ընդհանուր շինութեան ծախս նախատեսուած է 300 հազար տոլար։ Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւն եւ Հիմնարկութեան անդամներն ու շրջանակը յանձնառու եղած են վճարելու 100.000 տոլար։ Շինութեան Յանձնախումբը արդէն պաշտօնական կոչ մը ուղղած է ամերիկահայութեան։ Յառաջիկայ աշնան պիտի ձեռնարկուի ընդհանուր հանգանակութեան։ Յանձնախումբը յոյս ունի, որ պիտի կրնայ կարեւոր գումար մը ապահովել։ Ուսումնական մարմինը եւս շէնքի շինութեան զուգահեռ գործի պիտի լծուի, որպէսզի Մեսրոպեան դպրոցը շուտտով դառնայ իրականութիւն։

 

Եգիպտոսի «Ալ Ահրամ» օրաթերթը կը յայտնէ՝ թէ 10.000 հայեր Ուրուկուայի մէջ ցոյց մը ըրած են ի նպաստ Հայկական Դատին, իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք, յառաջիկայ տարուան յիսնամեակին։ Թերթը իր կողմէ կը բացատրէ, թէ յառաջիկայ տարի Ապրիլ 24-ին, աշխարհի բոլոր հայերը պիտի ոգեկոչեն յիշատակը երկու միլիոն հայ նահատակներու, որոնք զոհերը եղան Օսմանեան իշխանութեան՝ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին։ Ինչպէս յայտնի է, 1965-ը յիսնամեակն է անպատմելի այն ցեղասպանութեան, զոր հայուն դարաւոր ոսոխը գործի վերածեց, հայութիւնը բնաջնջելու եւ Հայ Դատը գերեզմանելու համար։ Արդ, Հարաւ. Ամերիկայի հայ երիտասարդութեան արթնութիւնը նախերգանք մըն է եւ վստահօրէն, Ազատ Աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը վարակիչ թափ պիտի ստանայ շարժումը։