Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայ ելեկտրագէտներու Սեւանայ լիճին նուիրուած եռահատոր գիրքը ակադեմական Լեւ Կաժիժանովսկիի անուան մրցանակը ստացած է։

Այս մրցանակը երեք տարին անգամ մը կը յատկացուի ելեկտրական ոյժի արդիւնաբերութեան մարզին մէջ լաւագոյն գիտաթեքնիկական գործին։ «Սեւանայ լիճին խնդրիները» վերնագրուած այս հիմնական երկը կազմուած է հայ ականաւոր մասնագէտներու աշխատակցութեամբ։ Անոր մէջ կը վերլուծուին աշխարհի ամենաբարձր մեծ լիճերէն մէկուն ջրաելեկտրական, ջրային ու ջրաօդերեւութաբանական խնդիրները։ Երեք հատորներուն հիմքը կազմող հետազօտութիւնները տեսական հիմքը կը ներկայացնեն այն գործնական միջոցառումներուն, որոնք Սեւանայ լիճին մակարդակը պահպանելու կը միտին։

Նշանաւոր քանդակագործ Յակոբ Կիւրճեանի մէկ նոր քանդակը որպէս նուէր, Ֆրանսայէն ղրկուած է Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ։ Սպիտակ մարմարէ շինուած կնոջ մը իրանը ներկայացնող այս քանդակը եւ այլ գործեր, հեղինակին նուէրը կը կազմեն։ Այժմ Պատկերասրահին մէջ կը գտնուին Յակոբ Կիւրճեանի 500ի մօտ քանդակները, որոնց թագն ու պսակը կը կազմէ նոր ղրկուած արձանը։ Արուեստի քննադատ Ռուբէն Դրամբեան շուտով մամուլին կը յանձնէ Յակոբ Կիւրճեանի ստեղծագործութեան նուիրուած մենագրութիւն մը, որ հիմնուած է քանդակագործին արխիւներուն վրայ, որոնք Հայաստան ղրկուած էին մէկ տարի առաջ։

Միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Դուինի պեղումներու ընթացքին գտնուած է հեթանոս աստուծոյ մը գլուխը, որ Մեծն Տիգրանի թագին ձեւով քանդակուած է։ Ծանօթ հնագէտ ու պատմաբան Կարօ Ղաֆատարեան, որ արշաւախումբը կը ղեկավարէ, յայտարարած է թէ Հայաստանի հողամասին վրայ իր տեսակին մէջ առաջինն է այս գիւտը։ Արձանը պազալթով քանդակուած է։ Թէեւ երկու հազար տարի հողին տակ մնացած է, բայց լաւ պահպանուած է։