Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յուլիս 16-էն ի վեր քաղաքէս Թեսաղոնիկէէն ոչ շատ հեռու՝ Օրէոքասթրօ օդասուն գիւղին մէջ կը գործէ Հ. Գթ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջ. վարչութեան կազմակերպած աշակերտական կազդուրման կայանը, ուր Թեսաղոնիկէէն եւ Թրակիոյ շրջանի քաղաքներէն 40 երկսեռ հայորդիներ, Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան անձնուէր քոյրերու գուրգուրոտ հոգածութեան տակ, կը վայելեն բնութեան բարիքները։

Առատ եւ ընտիր սնունդին հետ, փոքրիկներուն կը տրուի նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն, հայերէն լեզուի եւ պատմութեան կանոնաւոր դասաւանդութիւններով, ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեանի կողմէ։ Կազդուրման այս կայանի բացման հանդէսը տեղի ունեցաւ Յուլիս 29-ին, ի ներկայութեան Ազգ. իշխանութեան ամբողջական կազմին, ստուար թիւով ծնողներու եւ ազգայիններու։ Հ. Գթ. Խաչի պատ. նախագահ՝ ընկ. Աբր. Աբրահամեան հանդէսը բանալով, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ շնորհիւ Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան անդուլ ճիգերուն եւ Ամերիկայի Կեդր. Վարչութեան բարեացակամ օժանդակութեան, իրագործուեցաւ տարիներէ ի վեր ընդ- հատուած եւ անցեալին մէջ, ազգապահպանման տեսակէտէն ա՛յնքան օգտակար հանդիսացած աշակերտական կազդուրման կայանի ձեռնարկը։ Ապա բացատրեց ձեռնարկին մեզի համար ունեցած բացառիկ նշանակութիւնը, տրուած ըլլալով որ, ան ոչ միայն աշակերտներու ֆիզիքական կազդուրման կը ծառայէ, այլ նաեւ անոնց կը ջամբէ հայեցի դաստիարակութիւն։ Ապա՝ խօսք առաւ Ազգային իշխանութեան ատենապետ՝ ընկ. Ռ. Գալֆայեան, որ նախ եկեղեցւոյ կից շէնքի շինութեան հարցին բարեյաջող աւարտի ուրախ լուրը հաղորդելով, երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հելլէն արդարադատ կառավարութեան, առաջնորդ Սրբազան հօր, Ազգ. Կեդր. վարչութեան եւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին յունահայ գաղութին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այս գործի յաջողութեան։ Ապա՝ անդրադառնալով քէմբի ձեռնարկին, շեշտեց անոր կարեւորութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնեց այս գործունէութեան շուրջ։ Ապա՝ գործադրուեցաւ մանկական արտասանութիւններով եւ երգերով յայտագիր մը։