Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Օդային գծով Նիկոսիայէն Աթէնք ժամանեց Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոս, որուն ի պատիւ հացկերոյթ մը տուաւ արտաքին գործոց նախարար պրն. Գոսթոբուլոս։

Մակարիոս արքեպիսկոպոս երեկոյեան ժամը 6-ին այցելեց վարչապետ պրն. Բաբանտրէուի Քասթրիի բնակարանը, ուր գումարուեցաւ նիստ մը, որ տեւեց մինչեւ գիշերուան ժամը 9։30։ Նիստի աւարտումէն ետք վարչապետ Բաբանտրէուի եւ Մակարիոսի կողմէ հրատարակութեան տրուեցաւ միացեալ զեկոյց մը, ուր կ'ըսուի. «Դարձեալ հաստատուեցաւ տեսակէտներու բացարձակ նոյնութիւնը եւ մէկ սկիզբէն գծուած ուղղութեան վրայ յամառումը։ Քասթրիի մէջ գումարուած նիստէն յետոյ, Մակարիոս արքեպիսկոպոս լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով յայտարարեց՝ թէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին դիմումը անխուսափելի կը նկատէ։ Դիմումին մասին որոշում պիտի տրուի նոր ժողովի մը ընթացքին, որ պիտի գումարուի այսօր եւ որուն պիտի մասնակցին՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարները եւ ՄԱԿ-ի մօտ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները։ Մակարիոս արքեպիսկոպոս շեշտեց՝ թէ բնականաբար պիտի գործադրուի ինքնորոշման իրաւունքը։ Աւելցուց՝ թէ Կիպրացիք ոչ ժամանակի եւ ոչ ալ որեւէ ուրիշ սեղմում կ'ընդունին։ Նախագահ արքեպիսկոպոսը ըսաւ՝ թէ նպատակը Յունաստանի հետ միացումն է։ Շեշտեց թէ Կիպրոսի հարցը դիւանագիտական ճամբով գոհացուցիչ կերպով կը զարգանայ։ Մակարիոս ըսաւ՝ թէ դէմ է հաշտարար եւ կեղծ ամէն լուծման։ Նմանապէս ըսաւ՝ թէ դէմ է Կիպրոսի մէջ ՆԱԹՕի խարիսխներու հաստատումը նախատեսող լուծման։ Մակարիոս թրքական ցամաքահանումի վտանգի մասին եղած հարցման մը պատասխանելով ըսաւ՝ թէ այդ հարցը իր կարծիքով սուր վիճակի մէջ չի գտնուիր։ Կիպրոսի նախագահը կրկին հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետին հետ եւ յետոյ պիտի վերադառնայ Նիկոսիա։ Մեկնելէ առաջ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիկոսիայէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, ամբողջ կղզիին մէջ զինեալ ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին, ներխուժման որեւէ փորձ դիմագրաւելու համար։