Հայաստանի Կրթական նախարարութեան հրաւէրով՝ եւ «Արմենիա» նաւով Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Կիպրոսէն Երեւան մեկնած են խումբ մը հայ ուսուցիչներ, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ՝
Համազգայինի Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի օգնական տնօրէն Գառնիկ Բանեան, Լիբանանի հայկական վարժարաններու կրթական քննիչ Յակոբ Իսկենտերեան եւ ուսուցիչ-գրող Վազգէն Այգունի։ Ուսուցիչներու այս խումբը Հայաստան պիտի մնայ շուրջ երկու ամիս։
Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Հայկ Գասպարեանի «Վիկտոր Հիւկօ հայ գրականութեան մէջ» խիստ շահեկան աշխատութիւնը։ Ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանուած բազմաթիւ գործերու շարքին են Շաթոպրիանի, Լամարթինի, Վոլթէրի, ինչպէս նաեւ Միւսէի, Վերլէնի, Պարպիւսի, Արակոնի գլխաւոր երկերը։ Հայերու հետաքրքրութիւնը ընդհանրապէս ֆրանսացի ականաւոր գրողներու եւ յատկապէս Հիւկոյի գործերուն հանդէպ հինէն կուգայ։ Դեռ 1859-ին Յարութիւն Սվաճեան իր «Մեղու» ամսաթերթին մէջ թարգմանած էր ֆրանսացի մեծ վիպասանին քերթուածը։ 1895-1896-ի դժնդակ օրերուն, երբ թուրք մարդասպանները ամենակուլ մորեխի նման կը թեւածէին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, կը ջարդէին ժողովուրդը, կը քանդէին օճախները, Ալ. Ծատուրեան ազատ թարգմանութեամբ կը հնչէցնէր Վ. Հիւկոյի «Տղան» բանաստեղծութիւնը։ Ասիկա դիմադրութեան կոչ մըն էր՝ ուղղուած թուրք բարբարոսներուն դէմ։
Վիեննայի հայ գաղութը բախտն ունեցած է հիմնարկէքը կատարելու իր եկեղեցիին։ Գաղութը գրեթէ ամբողջութեամբ ներկայ եղած է։ Հիմնարկէքը կատարած է Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ հովիւը Գեր. տոքթ. Մեսրոպ վրդ. Գրիգորեան։ Եկեղեցիին անունը պիտի ըլլայ Սուրբ Հռիփսիմէ։ Վարչութիւնը արդէն իսկ տիրացած է կալուածի մը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի եկեղեցիի ծախքերուն։ Ներկայիս Վիեննայի մէջ կան 60է աւելի հայ ուսանողներ, որոնց բնակարաններ պիտի հայթայթէ այս շէնքը եւ պիտի կոչուի Ազգային Տուն։