Փրոֆ. Հիւպշման ծնած է Փրուսիոյ Էրֆուրթ քաղաքը 1848 Յուլիս 1-ին: Տոքթորութեան աստիճան ստացած է 1872-ին, Միւնիխի համալսարանէն: Նոյն տարին Միւնիխի մէջ ան հրատարակեց «Հոլովումներու վարդապետութիւնը», որուն մէջ հայ լեզուին վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ կան: 1873-ին հրատարակեց քանի մը ուսումնասիրութիւններ Ավիստայի մասին: 1875-ին Լայփցիկի համալսարանին ուսուցիչ անուանուեցաւ ներկայացնելով յիշատակագիր մը, արաբական տիրապետութեան շրջանին Հայաստանի վիճակի մասին քաղելով Սեփիոսէն, զոր գերմաներէնի թարգմանեց: 1875-ին կը հրատարակէ հայագիտութեան մասին շատ նշանակելի աշխատութիւն մը, որ ցոյց կու տար թէ՝ «ո՜ր տեղը կը գրաւէ հայ լեզուն հնդեւրոպական լեզուներուն մէջ», որ մեծ նշանակութիւն առաւ եւ մինչեւ հիմա անիկա գերման հայագէտներուն համար առաջնորդ հանդիսացաւ: 1876-ին «Գերման-արեւելեան ընկերութեան» հանդէսին մէջ նշանակութեան արժանի յօդուած մը հրատարակեց հին հայերէն լեզուի արտասանութեան եւ տարադարձութեան մասին: 1877 Մայիս 18-ին, Լոնտոնի մէջ գումարուած Բարեսիրական ընկերութեան ներկայացուց խիստ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը հայոց լեզուի ուսման կարեւորութեան մասին, բանասիրական տեսակէտով: Այս նշանակելի աշխատութենէն ետք 1877-ին, Սթրազպուրկի համալսարանին համեմատական բանասիրութեան ուսուցչապետ անուանուեցաւ: 1881-էն սկսեալ հայ լեզուի եւ պատմութեան վերաբերեալ հատորներու շարք մը հրատարակեց: Սակայն ինչ որ Հիւպշմանի անունը անմոռանալի պիտի դարձնէր եւ իրեն պիտի սեփականացնէր հայագէտներու միջեւ, որոնց շատ բան կը պարտի հայ բանասիրութիւնը, այն մեծ աշխատութեանց շարքն է, զոր սկսաւ հրատարակել «Հայերէն քերականութիւն» անունին տակ: Ասոնցմէ երկուքը հին հայերէնի մէջ պարսկերէն եւ արաբերէն բառեր – 1895, Լայփցիկ – եւ հին հայերէնի մէջ արաբերէն եւ յունարէն փոխառեալ բառեր եւ բնիկ հայերէն բառեր -1897- որոնք կը կազմէին հայերէն քերականութեան ստուգաբանական մասը, հրատարակուեցան, իսկ մնացեալ երկու մասերը չկրցաւ աւարտել Հիւպշման: Փրո-ֆէսէօրը մեռաւ Սթրազպուրկի մէջ, 1908ին: