Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կիպրոսի կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ: Կիպրահայութիւնը, որ ահագին նիւթական վնասներու ենթարկուեցաւ, անորոշ վիճակի մէջ է: Ինչպէս ծանօթ է, հայութեան մէկ կարեւոր մասը կը բնակէր Նիկոսիոյ թրքական շրջանին մէջ: Ընդհարումներու ընթացքին անոնք բոլորն ալ անցան յունական շրջանը եւ ասոնցմէ բաւական թիւով հայրենակիցներ պատսպարուեցան տուներու մէջ: Տեղւոյս Ազգային իշխանութիւնը, գլխաւորութեամբ

կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեանի, համամարդկային կարեւոր աշխատանք տարին, որպէսզի կարելի եղած չափով ամոքեն մեր հայրենակիցներուն տառապանքը, իսկ Նիկոսիոյ Աղքատախնամ մարմինը եւս իր ժրաջան վարչական  անդամուհիներու միջոցաւ կը հասնին հոն, ուր կարիք կայ: Կ՛իմանանք, թէ «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը եւ համաշխարհային եկեղեցական խորհուրդը նիւթական յատկացումներ ըրած են տեղւոյս Ազգային առաջնորդարանին՝ իբրեւ նպաստ: Ամսոյս 6-ին ազգային պատուիրակութիւն մը, բաղկացեալ Վազգէն քհնյ.  Սանտրունիէ, Անանիա Մահտեսեանէ եւ Վարդգէս Սինանեանէ, Միացեալ ազգերու կարգադրութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցին եւ Ազգային վարժարանը, որոնք կը գտնուին թրքական մասին մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, ընդհարումներու ընթացքին հապճեպով Ազգային առաջնորդարանը եւ բոլոր ազգային հաստատութիւնները փոխադրուեցան յունական մասը: Ուրախ ենք յայտնելու, թէ եկեղեցին եւ յարակից բոլոր շէնքները կանգուն կը մնան, իսկ գալով թանկարժէք մեր գոյքերուն՝ ասոնք բոլորն ալ Միացեալ ազգերու դանիական ուժերու հսկողութեան տակ նոյն օրն իսկ փոխադրուեցան յունական մասը՝ առանց որեւէ միջադէպի: Էքուատորի նախկին նախագահ եւ Ու Թանթի մասնաւոր ներկայացուցիչ Կարօ Փլազա յայտարարեց, թէ Միացեալ ազգերը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին հայերու ենթարկուած տխուր վիճակին եւ յոյս յատնեց, որ նոր կարգադրութեանբ հայոց եկեղեցին եւ Վիքթորիա փողոցի հայ տուները չէզոք գօտիի մէջ մտնելով՝ հայ գաղութը առիթը պիտի ունենայ «ազատ շունչ» առնելու: