- Կիրակի առաւօտ, ժամը 11-ին, Պարնասոսի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Աթէնքի Ազգային Երաժշտանոցի այս տարուան ընթացաւարտներու երգանուագահանդէսը՝ երաժշտասէր հասարակութեան մը, ծնողներու եւ մասնաւոր հրաւիրեալներու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ՝ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ սրբազանը, մամլոյ ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ բաւական թիւով երաժշտասէր հայեր։ Ազգային երաժշտանոցը այս տարի
աւարտած են 16 ուսանող¬ուսանողուհիներ։ Երկու երգիչ, 7 երգչուհի, մէկ ձեռնադաշնակահար, մէկ թաւջութակահար, երկու յօրինող եւ երեք դաշնակահարուհի։ Ընթացաւարտները յայտագրին մասնակցեցան՝ երկուական կտորով ¬ երգ կամ նուագ։ Գրեթէ բոլորն ալ ի յայտ բերին արուեստի խոր ըմբռնում եւ արուեստագէտի իսկական տաղանդ, հմայելով ունկնդիրները, որոնք հակառակ տաք օդին, մօտ չորս ժամ մնացին սրահին մէջ, եւ բուռն կերպով ծափահարեցին վաղուան երիտասարդ արուեստագէտները։ Աթէնահայ սիրուած երգչուհի տիկին Արուս Գրիգորեան ապրումով եւ յաջող կերպով երգեց Փուչինիի Թոսքան եւ Վասիլիատիսի Օրօրը, արժանանալով խանդավառ ծափերու։ Ամէնէն շատ ծափահարուած ընթացաւարտներէն ձեռնադաշնակահար Երասիմոս Ճորճաթոս նուագեց հայազգի հռչակաւոր երգահան Արամ Խաչատուրեանի Սուրերու Պարը իսկ դաշնակահարուհի Էլէնի Գումի՝ Խաչատուրեանի Թոքաթան։ Ներկայ հայերը, հանդէսէն վերջ, շնորհաւորեցին երգչուհի տիկին Գրիգորեանը՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով իրեն։
- Հելլէն մամլոյ տեղեկութեանց համաձայն, Աթէնքի ֆեսթիվալին առիթով, Յունաստան հրաւիրուած են նաեւ խումբ մը ականաւոր ռուս արուեստագէտներ, որոնց կարգին նաեւ հայազգի հռչակաւոր երգահան Արամ Խաչատուրեան եւ ռուս երգահան Շոսթաքովիչ, որոնք Աթէնք կը սպասուին Օգոստոսի կէսերուն։