Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

-Յուլիս 1-ի գիշերը, խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ աւարտած են Հայ Օգնութեան Միութեան 44-րդ Պատգամաւորական Ժողովի աշխատանքները։ 1963-64 կազմակերպական տարեշրջանի համար Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուած են՝ տիկին Սիրանոյշ Մխիթարեան, տիկին Թագուհի Պետիկեան, տիկին Վարդ Խաչիկեան, օր. Էլիզապէթ Յակոբեան, տիկին Մանուշ Գրիգորեան, օր. Հելէն Սեւակեան, օր. Ոսկի Վարդանեան։ Փակման հանդիսութեան առթիւ գոհունակութեան, հաւատքի եւ հանրային գիտակցութեան ջերմ արտայայտութիւններ ունեցած են՝ բազմաթիւ ընկերուհիներ եւ պատգամաւորները վերադարձած են իրենց շրջանները՝ նոր եռանդով ու նուիրուիմով լծուելու գործի։

-Յունիս 30-ին, Պէյրութէն Նիւ Եորք հասած է 48 հոգիէ բաղկացած հայ տարագիրներու նոր խումբ մը, որընդունուած է ԱՆՉԱ¬ի եւ ՀՕՄ¬ի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ 1962 Յունիսէն ի վեր 23-րդ խումբն է ասիկա, որ ԱՆՉԱ¬ի օժանդակութեամբ հասած է Նիւ Եորք։ Ամերիկեան լրատու գործակալութիւններ, Յուլիս 2-ին արձագանգ հանդիսացան այն յուշագրին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանէն 2500 հայեր ղրկած են վարչապետ պրն. Խրուշչէվի, բողոքելով ցոյց տրուած խնտրականութեան, ճնշումին եւ ապրուստի ծայրայեղօրէն աննպաստ պայմաններուն դէմ։ Ամերիկեան մամուլն ու ձայնասփիւռը յաջորդ օրն իսկ, արձագանգ եղան երկու հեռագրական գործակալութեանց կողմէ հաղորդուած լուրին, այս առթիւ նաեւ հրատարակելով, ի միջի այլոց, յայտարարութիւնները Պոսթըն Գոլէճի ընկերաբանութեան դասախօս տոքթ. Վահագն Տատրեանի, որուն դիմած են կարգ մը թղթակիցներ, յաւելեալ ծանօթութիւններ ստանալու համար խնդրին պատմաքաղաքական նշանակութեան մասին։ Աւելցնենք նաեւ՝ թէ Ղարաբաղի հայերուն այս դիմումը արձագանգ գտած է նաեւ եւրոպական մամուլին մէջ։