Նշան Պեշիկթաշլեան կը գրէ.- Կոյր եուկոսլաւ մը, Վլատիմիր Եուսեփովիչ, երկամսեայ փորձերէ ետքը, կը ձեռնարկէ հետիոտն գնացքի մը, եւ առանց դադարի կը քալէ քսաներկու ժամ՝ ընթանալով հարիւրքսանհինգ քիլոմեթր, Գրակիւժվաք աւանէն երթալով մինչեւ մայրաքաղաք՝ Պելկրատ: Վլատիմիր Եուսեփովիչ կը հաստատէ, որ կոյր մը կրնայ երկար ճամբորդութիւն մը ընել միայնակ ու առանց արկածի: Իրապէս, այդ ուղեւորութեան ընթացքին, նեցուկ ունենալով լոկ գաւազանը, չի զարնուիր ո՛չ մարդու, ո՛չ կառքի, ո՛չ քարի, ո՛չ ալ ծառի: Շատեր զարմացան՝ լսելով լուրը: Ես զմայլեցայ: Ինչո՞ւ զարմանալ: Աչք ունեցող որքա՞ն կոյրեր կան, ու կոյր եղող որքա՜ն աչքըբացեր կան: Ֆրանսայի մէջ, տօնական օրերու առթիւ, կառքերով գաւառ մեկնողներուն կառավարութիւնը օրեր առաջ կը յանձնարարէ ըլլալ խոհեմ, օրինապահ: Թերթերու, ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի միջոցով կը տեղան հեղեղներ խրատներու, վարորդներուն խրատ կը տրուի չխմել, չքնանալ, չշտապել, առաջ անցնելու մոլուցքով չտարուիլ եւ այլն: Տակաւին, ճամբաներուն վրայ կը վխտան հսկիչ ոստիկաններ: Անօգուտ, ապարդիւն: Ամէն անգամ, երթուդարձի ընթացքին 110-120 մեռեալներ կան, ինչպէս նաեւ՝ 2300-2500 վիրաւորներ: Վըստահ եմ, որ կոյրերը եթէ վարորդ դառնան, պիտի չպատահին այդքան մահեր ու արկածներ: Նոյնիսկ վստահ եմ, որ եթէ անասունները վարորդ դառնան, արկածները պիտի նուազին կէսէն աւելի: Մարդ արարածը թէեւ ամէնէն խելացի կենդանին է, բայց միաժամանակ ամէնէն ալ տխմարն է: Իւրաքանչիւր վարորդ կը կարծէ՝ թէ արկածը իրեն համար չէ, թէ՝ մանաւանդ մահը իրեն ու իրեններուն համար չէ, այլ ուրիշներուն համար է: Վարորդները կը մոռնան, որ «մահը մերն է, մենք մահինը», երբ մանաւանդ կառքի մէջ ենք ու անզգուշ: Եւ արկածները կը բազմանան: Կը ճանչնանք վիրաւորներ, որոնց քով արկածամահ եղածները բախտաւոր են: Ուրեմն կառք վարելու են կոյրերն ու կենդանիները, քանի որ մարդ արարածը անբարտաւան է, անկրթելի, անուղղայ: Անշուշտ մարդավարի կերպով կառք վարող մարդիկ կան. սակայն մնացեալները բազմաթիւ են: