Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Կրթական նախարարութեան պատկան սպասարկութիւնները, քննելով Լիբանանի հայկական վարժարաններու մէջ արաբերէնի ուսուցման կարիքները, թելադրած են, որ յառաջիկայ տարի 100 ուսուցիչներ վերապահուին այդ պաշտօններուն համար: Այս որոշումը կոչուած է լրացնելու մեծ պակաս մը: Արդարեւ, իբրեւ օրինակ, դպրեվանքի տեղեկագրէն ի յայտ կու գայ, թէ անցնող տարեշրջանին կրթական այդ կարեւոր հաստատութիւնը զրկուած է պետութեան կողմէ տրամադրուած արաբերէնի ուսուցիչէն եւ ստիպուած՝ իր միջոցներով ապահոված է արաբագէտ հայ ուսանողներ՝ ուսուցչութեան համար:

- Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու իրաքեան այն ծրագիրներու գործադրութեան, որոնք կրնան նպաստել երկրի տնտեսական զարգազման: Ամերիկեան անկախութեան տարեդարձին՝ Յուլիս 4-ին զուգադիպող յայտարարութեամբ մը Իրաքի ամերիկեան դեսպանատունը վերատեսութեան ենթարկեց այն կարգ մը քայլերը, որոնք անցեալին առնուած են ի նպաստ Իրաքի զարգացման, եւ ապահովութիւն տուաւ Ամերիկայի այն յարատեւ փափաքին մասին, թէ պիտի մասնակցի յառաջիկայ ծրագիրներու գործադրութեան: Դեսպանատունը յիշեցուց, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը քաջալերած է ամերիկեան ընկերութիւնները, որ մասնակցին Իրաքի զարգացման աշխատանքին: Այս ձեւով Իրաք բերուած են մասնագէտներ, որոնք պիտի հսկեն պարարտացուցիչներու գործարանի մը կառուցման, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի «Էքսփորթ-Իմփորթ» դրամատունը տրամադրած է երկու երկար փոխատուութիւններ՝ հարաւային Պաղտատի մէջ ելեկտրակայան մը կառուցելու համար: Դեսպանատան յայտարարութեան մէջ յիշուած էր, թէ դրամատունը տրամադիր է ֆինանսաւորելու իրաքեան այլ ծրագիրներ եւս: Միացեալ Նահանգները, կը յայտնէ դեսպանատան հաղորդագրութիւնը, պատրաստ են օգնելու երկրի երկրագործական զարգացման զանազան եղանակներով: