Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յակոբ Պարոնեանի հարուստ եւ բազմաբովանդակ ժառանգութեան հրատարակութիւնը միշտ մեր ժողովուրդին ուշադրութեան առարկան դարձած է։

Հեղինակին կենդանութեան տարիներուն, առանձին գիրքերով հրատարակ- ւած իր գործերուն քանակը քիչ եղած է։ Պարոնեանի գործերը ընդհանրապէս ցրուած են «Մեղու», «Թատրոն», «Խիկար», հանդէսներուն, Պոլսոյ զանազան թերթերուն ինչպէս նաեւ Ա. Յովհաննէսեանի «Փորձ», «Արձագանգ» եւ Մոսկուայի «Փարոս Հայաստանի» մէջ եւ այլուր։ Պարոնեանի մահէն ետք թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ Թիֆլիսի մէջ փորձած են հրատարակել անոր գործերը, սակայն երկու վայրերուն մէջ ալ գործերը կիսատ մնացած են։ Գրականութեան Հիմնարկութիւնը, որ վերստին ծրագրած է հրատարակել Յ. Պարոնեանի ամբողջական գործերը, արդէն լծուած է գործի։ Նպատակ դրած է հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնել երգիծաբանին գրական լրիւ վաստակը։ Առաջին հ|ատորը, արդէն լոյս տեսած է։ Կը պարունակէ գրագէտին թատերական բոլոր գործերը։ Երկրորդ եւ երրորդ հատորները եւս լոյս տեսած են։ Չորրորդ հատորը պիտի պարունակէ Պարոնեանի քաղաքական երգիծանքը։ Հինգերորդ հատորին բովանդակութիւնը «Ծիծաղ»ը եւ այլաբանական միւս գործերէն կազմուած պիտի ըլլայ։ Վեցերորդը՝ «Առտնին տեսարաններ»ը։ Եօներորդը նախատեսուած է փոքր երկերուն համար՝ «Սըկէ-նըկէ», «Խայթուածքներ» եւայլն։ Ութերորդը մանկավարժական գործեր (քաղուած «Թատրոն Բարեկամ Մանկանց» հանդէսէն)։ Իններորդը՝ հայատառ թուրքերէն գործեր եւ տասներորդը՝ թարգմանութիւններ, նամակներ եւ այլ նիւթեր։

Հայաստանի Պետական Հրատարակչականը վերջացուցած է եղերաբախտ Ակսէլ Բակունցի երկերու երկհատորեակին տպագրութիւնը։ Արձակագիրին երկրորդ հատորը կ'ընդգրկէ «Կէօրէս» վէպը, «Զանգեզուր» շարժանկարի համար գրուած բեմադրութիւնը, «Անաւարտ Էջեր»։ Այս բաժնին մէջ տեղ գտած են գրագէտին «Կարմրաքար», «Որդի որոտման», եւ «Խաչատուր Աբովեան» գործերը։