Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Սրտի գիտութեան, անոր բուժումին եւ վիրաբուժական գործողութեանց՝ երեւանի մասնագիտական երկու նորաստեղծ հաստատութիւնները, որոնք այժմ համբաւաւոր են արդէն, վերջերս կազմակերպած են գիտական նիստ մը, որու ընթացքին ութսունէ աւելի հետաքրքրական յայտարարութիւններ կատարուած են։

Հայաստանի սիրող երաժիշտներու եւ պարողներու գործունէութիւնը կազմակերպելու համար ստեղծուած է գեղարուեստական խորոհւրդ մը, որու վարիչ կարգուած է Երաժիշներու Ազգային Միութեան նախագահ Է. Միրզոյեան։ Խորհուրդին առաջին գործը պիտի ըլլայ կազմակերպել համանուագի, բեմապարի նոր խումբեր, քառեակներ եւլն.։ Մէկ տարուան ընթացքին, սիրող տարրերէ կազմուած ութ հարիւրէ աւելի խումբեր պիտի մասնակցին բազմաթիւ մրցումներու՝ Երեւան եւ Մոսկուա։

Պարարուեստի տեսաբան-ազգագրագէտ Սրբուհի Լիսիցեան հաւաքած եւ խմբաւորած է 1200 հայկական պարի նկարագրութիւններ, որոնցմէ 250ը տեղ գտած են «Հայ Ժողովուրդի հինաւուրց պարերն ու թատերական ներկայացումները», աշխատութեան հրատարակութեան պատրաստուող երկրորդ հատորին մէջ։ Ուշագրաւ է, որ հայ ժողովրդական դիւցազնավէպ «Սասունցի Դաւիթ»ը ժողովուրդին մէջ տարածուած է ոչ միայն գուսաններու եւ բանաստեղծներու միջոցաւ, այլեւ պարային բեմադրութիւններով։ Լիսիցեան հաւաքած է «Սասունցի Դաւիթը» գովերգող 80 պարեղանակներ, որոնք ժամանակին ներկայացուած են Սասունի եւ Հայաստանի բազմաթիւ այլ գաւառներուն մէջ։

Եղեռնաբախտ բանաստեղծին կրտսեր աղջիկը՝ Անահիտ Չարենց, իր հօրը վերջին տարիներուն նուիրուած ուսումնասիրութեան մը մէջ, առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ ծանօթացուցած է իր հօրմէն մնացած անտիպ երկեր։ 1934-1937 տարիներու ընթացքին, Եղիշէ Չարենց գրած եւ անաւարտ ձգած է 7 երկարաշունչ քերթուածներ եւ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ։