Վարչապետ պրն. Եորղոս Բաբանտրէու, օդային գծով Աթէնք ժամանեց եւ ընդունուեցաւ կառավարութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն եւ բազմահազար քաղաքացիներու կողմէ, խանդավառ արտայայտութիւններով։
Վարչապետը ձայնասփիւռէն խօսելով յայտարարեց թէ Կիպրոսի հարցին արդար լուծման համար, անտեղիտալի պայքար պիտի մղուի մինչեւ վերջ։ Պ. Բաբանտրէու ըսաւ, «վստահ եմ որ, պայքարը որքան ալ բուռն ըլլայ, ի վերջոյ պիտի յաղթանակեն հանրապետութիւնը, Կիպրոս եւ Յունաստան։
Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, Կիպրոսի հարցին շուրջ Անգլիոյ եւ Թուրքիոյ վարչապետներու սըր Ալեք Տակլաս Հիումի եւ պրն. Ինէօնիւի միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութեանց ընթացքին ի միջի այլոց քննուած է նաեւ Կիպրոսի Յունաստանի միացման հարցը եւ Թուրքիոյ վնասուց հատուման կերպերը, որպէսզի իր հաւանութիւնը յայտնէ միացման համար։ Կ'ըսուի թէ պրն. Ինէօնիւ առաջարկած է Կիպրոսի փոխարէն Թուրքիոյ տալ Թրակիան եւ կամ՝ յունական կղզի մը։ Նոյն տեղեկութեանց համաձայն, պրն. Ինէօնիւ ուղղակի կերպով եւ պաշտօնապէս չէ հակազդած անգլիական առաջարկին, բայց, այնպէս կþերեւի թէ՝ պրն. Ինէօնիւ կտրուկ կերպով դէմ արտայայտուած է միացման, որոշ կերպով շեշտելով որ, Թուրքիա պատրաստ է պատերազմելու քան թէ նման լուծման մը համաձայն ըլլալու։ Միւս կողմէ Նիկոսիայէն կը հաղորդեն թէ՝ գոյութիւն ունեցող տեղեկութեանց համաձայն, ՆԱԹՕի մօտ թրքական մնայուն պատուիրակութիւնը զինակցութեան անդամներուն բաժնած է գրութիւն մը, ուր կþըսուի թէ յառաջիկայ մէկ քանի օրերուն կիպրացի հելլէնները ընդհանուր յարձակում պիտի գործեն կիպրացի թուրքերուն դէմ։
Անգարայէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, ներքին գործոց նախարարութիւնը քաղաքիս Ընդհանուր Ապահովութեան Տեսչութեան յղած է անուանացանկը երկու հարիւր հելլենահպատակներու, որոնք մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի արտաքսուին Թուրքիայէն։