Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Համպուրկի մէջ Մայիս 22-ին մեռած է Հայկ Թիւրքեան, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք:

Հանգուցեալը Հայաստանի անկախութեան տարիներուն հիւպատոսական պաշտօն վարած է Վրաստանի մէջ: Երկար ատենէ հաստատուած էր Համպուրկ, ուր կը զբաղէր ծխախոտի գործով: Որոշ աշխատանք կատարած է հայերը ծանօթացնելու համար գերմաններուն, Համպուրկի թերթերուն մէջ հրատարակուած յօդուածներով: Հայկական երաժշտութեան նուիրուած երգահանդէս մըն ալ կազմակերպած է տարիներ առաջ:

Յունիս 13, շաբաթ երեկոյ Գահիրէի «Յուսաբեր»-ի թատերասրահին մէջ հոծ ու ընտիր բազմութեան մը ներկայութեան բեմադրուած է Լ. Շանթի «Եսի մարդը» թատերախաղը: Այս օրերուն, երբ գաղութս ամէն մարզի մէջ հետզհետէ կը պարպուի իր գործուն ու փորձառու ուժերէն, իսկապէս քաջութիւն է Շանթի նման թատերագիրի մը գործերը բեմադրել ու այդ մասին մտածելն իսկ: Այս իմաստով՝ շնորհաւորելի են «Յուսաբեր»-ի Մշակութային ընկերակցութիւնը, թատերախումբի անդամները եւ Լեւոն Յովհաննէսեան, որ բեմադրիչն ու մղիչ ուժն էր ներկայացումին: Յունիս 14-ին ՀՄԸՄ-Արարատի Հելիոպոլսոյ դաշտին վրայ տեղի ունեցած է պասքեթի բարեկամական մրցում մը՝ կազմակերպիչներու եւ Հելլէնիքի խումբերուն միջեւ: Մրցումը եղած է շատ հետաքրքրական եւ վերջացած է ի նպաստ Արարատի 69-62 արդիւնքով: Մրցումէն վերջ «Յուսաբեր» ակումբի սիւնագաւիթին մէջ տեղի ունեցած է ընտանեկան խրախճանք եւ պար, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-Արարատի վարչութիւնն ու անդամները հրաժեշտ առած են իրենց երկարամեայ վաստակաւոր մարզիչ Գրիգոր Նիզիպլեանէն: - Լոյս տեսաւ Յակոբ Պարոնեանի «Երկերի հաւաքածուին» երկրորդ հատորը, որ կը բովանդակէ երգիծաբանին «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ», «Մեծապատիւ մուրացկանները», «Քաղաքավարութեան վնասները» գործերը: Հատորը ունի ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու բառարան եւ բառարան մըն ալ բառերու: