Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երկօրեայ աշխատանքային այցով Արցախ ժամանեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան,

գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երւանդ Զախարեան, պաշտօնատար այլ անձեր: Ստեփանակերտի օդանաւակայանին մէջ ՀՀ կառավարական պատուիրակութեան դիմաւորեց ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ փոխվարչապետի, կառավարութեան այլ անդամներու հետ: 

ՀՀ վարչապետը՝ արցախեան գործընկերոջ եւ պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպըսակ զետեղեց Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:
Յուշահամալիր այցէն ետք կայացաւ հայկական երկու պետութիւններու գործադիր իշխանութեան ղեկավարներու առանձնազրոյցը. քննարկուեցան համագործակցութեան զարգացման ու ընլայնման ուղղուած հարցեր ու ծրագրեր: Այնուհետեւ քննարկումները շարունակուեցան Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութեանց անդամներու մասնակցութեամբ՝ ընդլայնուած կազմով:
Ողջունելով ՀՀ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Արցախ, ԼՂՀ վարչապետ Ա. Յարութիւնեան նշեց, որ համատեղ լուծելի հարցերը բազմաթիւ են։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրի վերաբերեալ պիտի ըլլան յստակ մօտեցումներ: Երկու կառավարութիւններու միջեւ գոյութիւն չունի որեւէ խնդիր, որը հնարաւոր չէ լուծել միացեալ ուժերով՝ ընդհանուր ազգային տեսլականի շրջագիծով,- նշեց Ա. Յարութիւնեան:
ԼՂՀ վարչապետը էական ու հրատապ համարեց Արցախի տնտեսական խորացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ նշելով, որ, ատիկա կը թելադրէ ներկայ ռազմա-քաղաքական կացութիւնը տարածաշըրջանին մէջ, եւ այն կը բխի մեր ընդհանուր անվտանգութեան շահերէն:
Իր հերթին, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի գործընկերներուն ջերմ ընդունելութեան համար եւ հաւաստիացուց, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ յետայսու եւս կը գործադրուին բոլոր ջանքերը Արցախի տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ: Ան կը հաւատայ որ բոլոր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը կ'ըլլայ առարկայական ու նպատակային:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու գերատեսչութիւններու ղեկավարները, ըստ ճիւղային ոլորտներու, ներկայացուցին համագործակցութեան ծիրէն ներս կատարուած աշխատանքները, նշեցին իրագործման փուլի մէջ գտնուող ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ձեռքբերեցին նոր պայմանաւորուածութիւններ՝ համագործակցութեան շրջանակները ընդլայնելու վերաբերեալ:
Դրական գնահատելով տարբեր ոլորտներու միջեւ փոխ գործակցութիւնը՝ վարչապետներ Արա Յարութիւնեան ու Յովիկ Աբրահամեան ոլորտներու պատասխանատուներուն յանձնարարեցին հետամուտ ըլլալ շօշափուած խնդիրներու լուծման, մասնաւորապէս, աշխատիլ Վարդենիս-Սոթք-Հաթերք երկրորդ օդային գիծի գործարկման եւ հակակարկտային կայաններու համակարգը աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու ուղղութեամբ:


Յ. Աբրահամեան այցելեց Ստեփանակերտի գործարանները

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի ուղեկցութեամբ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած ՀՀ կառավարական պատւիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի մէջ գործող թեթեւ արդիւնաբերութեան երկու խոշոր գործարաններ:
«Մետաքսկոմբինատ» պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուեցաւ, մասնաւորապէս, բուրդի մշակման, գորգի, կտորի եւ կարի արտադրամասերու հնարաւորութիւնները: Վարչապետ Ա. Յարութիւնեան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս արցախեան գորգերու վերականգնուած տեսակներու վրայ՝ կարեւոր նկատելով անոնց դերը աշխարհին Արցախը ներկայացնելու գործին մէջ:
«Արցախֆրուտ» ՀՀ կառավարութեան պատուիրակութիւնը ծանօթացուց պահածոներու արտադրութեան գործընթացին: Ա. Յարութիւնեան ներկայացուց առկայ ծաւալներու եւ տեսակներու ընդլայման հեռանկարներն ու ծրագրերը: Վարչապետները երկու գործարաններուն մէջ զրուցեցին աշխատողներուն հետ՝ հետաքրքրուելով աշ- խատանքային պայմաններէն եւ աշխատավարձերէն:
ԼՂՀ կառավարութեան ղեկավարի խօսքով՝ գործող արտադրամասերը ոչ միայն խթան եղած են Արցախի տնտեսական զարգացումին, այլեւ ստեղծած են հարիւրաւոր նոր աշխատատեղեր՝ գլխաւորապէս կանանց համար:
Վարչապետ Յ. Աբրահամեանը, ողջունելով թեթեւ արդիւնաբերութեան մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները, ընդգծեց անոնց դերը Արցախի մէջ նոր ներդրումներու ընդգրկման գործին մէջ: Ան նշեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է հնարաւորինս աջակցիլ այդ արտադրութիւններու ընդլայման եւ, հետեւաբար, Արցախի տնտեսութեան զարգացման: