Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մայիսեան հերոսամարտերէն 96 տարի վերջ, հայ զօրավարներու հերոսութիւնը յարգանքի ու գնահատանքի կ'արժանանայ: 

Հանդիսաւոր արարողութեամբ Արմաւիրի մարզի Արաքս գիւղի փողոցներուն անուանակոչութեան ծրագիրը իրականացաւ: Յարգելով զօրավարներ Մովսէս Սիլիկեանի եւ Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի յիշատակը, Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէնութեան եւ Արաքս գիւղի գիւղապետարանի նախաձեռնութեամբ, դէպի յուշահամալիր տանող մայրուղին կոչուեցաւ ռազմարուեստի երախտաւորներ Մովսէս Սիլիկեանի, իսկ դէպի թանգարան տանող ճամբան՝ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի անուններով:
Արարողութեան ներկայ էին Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արա Նազարեան, Արաքսի գիւղապետ Ռուբէն Կարապետեան եւ այլ անձեր:
Փողոցներու անուանակոչումէն ետք, «Զբօսաշրջութեան հայկական կեդրոնի»ի նախագահ Ռոպերթ Մինասեան Սարդարապատի թանգարանին նուիրեց Մայիսեան հերոսամարտերու մասնակիցներ Յովհաննէս Պաղրամեանի անձնական նամակն ու Զէյթունի գունդի գրագիր Արամայիս Յարութիւնեանին պատկանող փաստաթուղթեր՝ ծառայողական ցուցակը, 1915 թուակիր լուսանկար, եւայլն: