Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Զբօսաշրջական պտոյտներ՝ Հայաստան, Արցախ, Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա, Վրաստան (Ջաւախք) ինչպէս նաեւ արտերկիր

Եթէ որոշած էք Հայաստան երթալ ապա դիմեցէք ԵԱՆ ՎՈՅԱԺ-ին, որովհետեւ Եան Վոյաժ զբօսաշրջային գործակալութիւնը միւսներէն կը տարբերի իր սկզբունքով՝ աշխարհին ճանաչելի դարձնել մեր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը եւ ներկայացնել մեր հզօր պատմութիւնն ու ազգապահպան ոգին: Այդ մէկը կը վկայէ նաեւ ընկերութեան անուանումը՝ ԵԱՆ ՎՈՅԱԺ:
Նպատակ ունենալով հայկական ազգանուններու մէջ վերականգնել եւ պահպանել հայ ժողովուրդի նկարագիր հանդիսացողեան վերջածանցը, գործակալութիւնը որոշած է ներկայանալ աշխարհին ԵԱՆ անուանմամբ:
ԵԱՆ ՎՈՅԱԺ-ը կ’առաջարկէ դասական եւ պատմամշակութային պտոյտներ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ արշաւներ (hiking, trekking), գինեգործական եւ խոհարարական պտոյտներ, հեծելարշաւ եւ ձիարշաւ, ժամանցային եւ ձմեռնային, առողջապահական պտոյտներ, ինչպէս նաեւ ռալի, արկածախնդրական եւ խոհարարական պտոյտներ, հիւրանոցներու ընտրութեան լայն հնարաւորութիւն։ Եւ այդ բոլորը կը կազմակերպուի ոչ միայն ամենամատչելի գիներով, այլեւ՝ նիւթապէս աջակցելով Սփիւռքի հայկական կառոյցներուն: Ընտրելով խոհարարական շրջագայութիւնները դուք հնարաւորութիւն կ’ունենաք ոչ միայն համտեսելու հայկական խոհանոցի լաւագոյն ուտեստները, այլեւ կը սորվիք եւ կը պատրաստէք:

Գործակալութիւնը կ’առաջարկէ նաեւ զբօսաշրջային իրերու տրամադրում, մեքենաներու եւ փոքր հանրակառքերու վարձակալութիւն, ինչպէս նաեւ քեմփինգ մեքենաներ՝ համալրուած անհրաժեշտ բոլոր պարագաներով:
Կազմակերպելով զբօսապտոյտներ արտերկրի մէջ՝ մենք կը քաջալերենք ամէն տեղ գերադասել հայկականը, օգտուել հային պատկանող հիւրանոցներէ եւ ճաշարաններէ, ատով իսկ նպաստելով արտերկրի մէջ հայ համայնքներու բարգաւաճման:
ԵԱՆ ՎՈՅԱԺ-ը կ’առաջարկէ նաեւ օդանաւի մատչելի տոմսեր որեւէ ուղղութեամբ, որոնք դուք կրնաք պատուիրել նաեւ արտերկրէն:

Մանրամասն ծրագիրներուն կրնաք ծանօթանալ yanvoyage.am կայքին միջոցաւ

Գործակալութիւնը կը վստահեցնէ , որ Եան Վոյաժի միջոցով
դուք կը բացայայտէք Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը
եւ Արեւմտեան Հայաստանը՝ բոլորովին նոր աչքերով