Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամիաւորման մարտական դիրքերը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատըւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը փոխանցէ, որ պաշտպանութեան նախարարը այցելած է մարտական յենակէտեր, հետեւած է դիրքերու մարտավարական բնագիծի ճարտարապետական բարելաւման եւ յենակէտերու կահաւորման աշխատանքներուն, ծանօթացած է մարտական հերթապահութեան իրականացման առանձնայատկութիւններուն:
Սպայական անձնակազմին հետ քննարկման ժամանակ Սէյրան Օհանեան տուած է համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:
Նախիջեւանի Սահմանին Վրայ
Հայ Զինուոր Մը Սպաննուեցաւ
Հայ - ատրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ մահացու հրազէնային հարուած ստացած է 20-ամեայ ժամկէտային զինուոր, շարքային Գրիշա Մուրադի Խաչատրեան:
Այդ մասին կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ աւելցնելով, որ դէպքին մանրամասնութիւնները կը ճշդուին:
«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՀ սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու ընթացքին զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն»: