Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ մտահոգութիւնը եղած է՝ վերաբնակեցուած շրջաններու մէջ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումը. անոր համար բաւարար արդիւնք ապահովելու համար պէտք է նոր աշխատատեղեր բացուին:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ կը նախատեսուի պիզնէս շահագործման համար տարածք կառուցել եւ տրամադրել գործարարներուն:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի խօսքերով, ՀՅԴ մտահոգութիւնը եղած է՝ վերաբընակեցուած շրջաններու մէջ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումը, անոր համար բաւարար արդիւնք ապահովելու համար պէտք է նոր աշխատատեղեր բացուին:
Ան նշեց, որ ելելով Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ի ծանր սոցիալական պայմաններէն,Կեդրոնական կոմիտէն ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ իր ուժերը ի սպաս դրած է՝ փորձելով լուծել շարք մը սոցիալական հարցեր:
Այժմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին՝ կուսակից ընկերներու, ինչպէս նաեւ համակիրներու նուիրատուութիւններու միջոցով Կովսականի մէջ պիզնէս պայմաններ ստեղծելու:
Բոլոր գործարարներուն կը տրամադրուի տարածք, որը հնարաւորութիւն կուտայ՝ նամանաւանդ կանանց համար նոր աշխատատեղեր բանալ:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութեան կը միանան նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր ընկերները եւ համակիր շրջանակները:
«Ինչպէս բազմիցս նշուած է՝«Դաշնակցութիւնը» նաեւ աշխատանքի կուսակցութիւն է: Որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն՝ մեզ համար երկրին մէջ սոցիալական խնդիրներու լուծման, սոցիալական արդարութեան հաստատման հարցը միշտ առաջնային տեղն է: Համոզուած ենք, որ մնայուն եկամուտներ ապահովելու համար կարեւոր է մնայուն աշխատանք ունենալը, եւ միայն այդ ճանապարհով է, որ ձեռք բերուած եկամուտները կարող են նպաստել սոցիալական իրավիճակի բարելաւման,» - նշեց Դաւիթ Իշխանեանը:
Յիշեցնենք, որ հիմնականին մէջ Կովսականի մէջ կեդրոնացած են սուրիահայ մեր հայրենակիցները, որոնք՝ չնայած այն հանգամանքին, որ ԼՂՀ կառավարութենէն եւ շարք մը կազմակերպութիւններէ ստացած են տարբեր օժանդակութիւններ, այնուամենայնիւ անոնց համար մնայուն աշխատանք ունենալը դեռ առանցքային եւ չլուծուած խնդիրներէն է: