Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստան ժամանած Աքսէլ Ֆիշըրի եւ Ալեն Միլի հետ հանդիպումէն ետք «Առաջին լրատուական»-ին յայտնեց, որ անոնց հետաքրքրած են սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հարցերը:

Համազեկուցողները հարցուցած են, թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին, եւ այդ փոփոխութիւններուն նկատմամբ կուսակցութիւնները ի՞նչ դիրքորոշումներ ունին:

Քննարկուած են նաեւ Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւրոպական համարկման եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալուն առնչուող դիրքորոշումները:
Ըստ Ռուստամեանի, համազեկուցողները չեն բարձրացուցած 1 Մարտի վերաբերեալ հարցեր, փոխարէնը հետաքրքրուած են 15 քաղաքական բանտարկեալներու մասին:
Համազեկուցողները, սակայն, անոնց անունները չեն յայտնած: Արմէն Ռուստամեան չէ գիտցած նաեւ, թէ անոնք որուն նկատի ունեցած են:
Համազեկուցողներուն քաղաքական բանտարկեալներու մասին տեղեկութիւններ տուած են այն հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնց հետ անոնք նախանցեալ օր հանդիպած էին: