Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունիս 17-ին Պեռլինի մէջ կայացաւ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ֆրանկ-Վալտեր Շտայնմայերի հանդիպումը։

Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Գերմանիա, երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ը-սաւ, որ ջերմութեամբ կը յիշէ դեռ 6 տարի առաջ 2008ի Յունիսին իրենց ունեցած առաջին հանդիպումը, գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներու միջեւ հաս- տատուած բարձր մակարդակի աշխուժ քաղաքական երկխօսութեան կապակցութեամբ եւ ընդգծեց, որ Գերմանիան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան առաւել զարգացմամբ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար՝ նախարար Նալբանդեանը նշեց, որ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին հայ-գերմանական յարաբերութիւնները կանոնաւոր կերպով զարգացած են, իսկ վերջին շրջանին նոր թափ ստացած, որու վկայութիւնն են երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած քաղաքական երկխօսութիւնը, բարձր մակարդակի փոխ այցելութիւնները։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Գերմանիան Եւրոպայի մէջ Հայաստանի գլխաւոր տնտեսական գործընկերներէն է եւ շարունակական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի զարգացման ուղղուած ծրագրերուն:
Նախարարները գոհունակութեամբ ընդգծեցին, որ առկայ է շուրջ երեք տասնեակ պայմանագիր եւ համաձայնագիր ներառող ամուր իրաւապայմանագրային դաշտ, կը զարգանայ փոխ գործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին միջ խորհրդարանական շփումները, կ'ընդլայնուին գործարար կապերը (Հայաստանի մէջ կը գործեն գերմանական դրամագլուխով մօտ 100 ընկերութիւններ)։
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան միջազգային եւ տարածաշրջնայաին խնդիրներու՝ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն, Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, սուրիական ճգնաժամին, Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին:
Նախարար Նալբանդեան գերմանացի իր գործընկերոջ ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը:
Նախարարները անդրադարձան Հայաստան - Եվրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Ընդգծուցաւ, որ երկուստեք պատրաստակամութիւն կայ շարունակելու համապարփակ համագործակցութիւնը բոլոր հնարաւոր բնագաւառներէն ներս:
Երկու նախարարները պայմանաւորուեցան շարունակել պարբերական հանդիպումները։
Յաջորդեց մամլոյ ասուլիս: