Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ յայտարարած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է կարելի ամէն բան ընէ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման համար:
Պարոսօ «Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան՝ նոր կարելիութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով իր դասախօսութեան ընթացքին նաեւ ըսած է, որ ճիշդ չէ Եւրոպական Միութիւնը մեղադրել Ղարաբաղի հիմնախնդիրի անլոյծ ըլլալուն համար: Ան նշած է, որ այդ տագնապը այլ ուժեր ստեղծած են:
«Մենք կը փափաքինք, որ կողմերը հաշտութեան գան, եւ կը սատարենք այս ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան», յայտարարած է Պարոսօ:
Եւրոպացի գործիչը նաեւ նշած է, որ հակառակ քսանամեայ զինադադարին, առայժմ կողմերուն միջեւ հաշտութիւն ձեռք բերուած չէ: