Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014թ ծրագրի առաջին փուլի բացման արարողութիւնը: Ծրագրի մասնակիցներուն ողջունեց եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց երեխաներու ծնողներուն, ուսուցիչներուն, վարչական շրջաններու պատասխանատուներուն, հիւրընկալ ընտանիքներուն, կարեւոր նկատեց անոնց դերը «Արի տուն» ծրագրի կայացման գործով: Նախարարը կոչ ուղղեց այս հնարաւորութիւնը առաւելագոյնս օգտագործել՝ հասակակիցներու հետ ընկերանալու, Հայրենիքի հետ կապը աւելի ամրապնդելու համար: Նախարարը յորդորեց լաւ սորվիլ մայրենին եւ հայրենի երկրի պատմութիւնը, կարեւոր նկատեց, որ աշխարհի բոլոր ծայրերուն անոնք ըլլան գիտելիքներով հարուստ եւ մրցունակ երիտասարդներ:

Ծրագրի ծիրէն ներս մասնակիցները 9 օրուայ ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ արդի տեսարժան վայրերուն, կ'ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կþառնեն Հայրենիքին մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Ծրագրի վերջաւորութեան ճամբարային 5 օ-րերը մասնակիցները կþանցնեն Ծաղկաձորի մէջ:
Նշենք, որ «Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլին կը մասնակցին 65 պատանիներ եւ աղջիկներ 5 երկրէն: Ծրագրի բացման ներկայ էին նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներու անդամներ: