Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Խումբ մը մտաւորականներու անունով «Արեգ» հրատարակչութեան տնօրէն Սամվէլ Գասպարեան դիմեց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին՝ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Եւրոխորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Անրի Սապիի մասունքներու մէկ մասը Երեւանի մէջ ամփոփող շիրիմը բարեկարգելու խնդրանքով:

Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարութեամբ՝ անմիջապէս միջոցներ ձեռնարկուեցան հայասէրի գերեզմանի տարածքը բարեկարգելու նպատակով: Անրի Սապիի մասունքները ամփոփող շիրիմին ծաղիկներ զետեղեցին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Փարիզի «Չոբանեան» ինստիտուտի տնօրէն Վարուժան Սրապեան, ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան ներկայացուցիչներ:
Յատկապէս մեծ են Անրի Սապիի՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի համաշխարհային ճանաչման միտուած ջանքերը, որոնց շնորհիւ էր նաեւ, որ 1987 թուականին Եւրախորհրդարան ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ: 2011 թուականին Անրի Սապին պարգեւատրուած է «Մխիթար Գոշ» շքանշանով: Անրի Սապին իր կտակին մէջ փափաք յայտնած էր որ մահէն ետք իր աճիւնի մասունքները ամփոփել Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Անոր մասունքները Երեւանի մէջ ամփոփուած են քաղաքային պանթէոնին մէջ: