Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ վերընտրուած նախագահ Պաշշար Ալ Ասատին՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով:

«Լիայոյս եմ, որ ազգային երկխօսութեան միջոցով Սիրիային կը յաջողուի վերագտնել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը՝ յանուն սիրիացի ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ բարօրութեան:
«Մաղթում եմ Ձեզ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Սիրիայի բարեկամ ժողովրդին` յարատեւ խաղաղութիւն»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի շնորհաւորական ուղերձի մէջ: