Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի պատուիրակութիւնը ամբողջ կազմով պիտի մեկնի Պաքու՝ մասնակցելու 28 Յունիսէն 2 Յուլիս տեղի ունենալիք վեհաժողովի ամառնային 23-րդ նստաշրջանին:

Այդ մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահի տեղակալ Պախար Մուրատովան:

Ըստ անոր, նստաշրջանին մէջ հայկական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեան:
Հայկական կողմը այս մասին տակաւին պաշտօնական հաղորդագրութիւն չէ հրապարակած: