Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ՍՈՒՏԵՐ ԿԸ ՏԱՐԱԾԵՆ

Հայկական կողմը հրադադարը չէ խախտած, հակառակ որ Ատրպէյճան բազմիցս խախտած է զինադադարի սկզբունքները, այսուհանդերձ Հայաստան կը շարունակէ մնալ փխրուն խաղաղութեան պահպանման կողմնակից եւ զերծ կը մնայ կրակոցներէն ու կրակահերթերէն:

Այս ծիրէն ներս ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութիւնը, թէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Լակաթագ գիւղին մէջ զինուած մարտեր ընթացքի մէջ են եւ հայկական զինուած ուժերը յարձակում գործած են բնակչութեան վրայ, իրականութեան չի համապատասխաներ:
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ լուրը, ինչպէս նաեւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի հետ զրոյցէն տեղեկութիւններ, նշելով թէ Նախիջեւանի մօտ իրավիճակը հանգիստ է: Ատրպէյճանական կողմը գրեթէ ամէն օր կը խախդրէ հրադադարը, անկանոն կրակոցներ կ'արձակէ, սակայն հայկական զինուած ուժերը չեն պատասխաներ կրակոցներուն եւ կը շարունակեն պահպանել հրադադարը: Յովհաննիսեանի փոխանցմամբ, հայկական զինուած ուժերու որդեգրած սկզբունքը հետեւեալն է՝ պատասխանել միայն նպատակային կրակոցներուն եւ կրակ չբանալ խաղաղ բնակչութեան դէմ:
Ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ երէկ այդպիսի լուրեր տարածեցին, թէ Նախիջեւանի սահմանին վրայ իրավիճակը հանգիստ չէ: Regnum գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Լակաթագ գիւղի բնակիչները իբր թէ պատմած էին, թէ ռազմական բախումներու հետեւանքով բնակիչները ստիպուած եղած են լքել իրենց բնակարանները: Նաեւ նշուած է թէ ատրպէյճանական կողմը իբրեւ թէ ունի կորուստներ: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն սակայն չեն պատասխանած գործակալութեան կողմէ հեռաձայնային կապին եւ նամակներուն:


Օհանեան. «Իրավիճակի Սրումը Յղի Է Ատրպէյճանի Համար
Ծանր Հետեւանքներով»

ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ
Անճէյ Քասփրչիքը մտահոգ է

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ հանդիպման ընթացքին նախարարը դեսպանին յորդորեց իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ գործուն քայլերու ձեռնարկելու՝ շփման գիծին վրայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ, որովհետեւ ձեւաւորուած միջավայրին մէջ իրավիճակի ընթացիկ սրումը յղի է ատրպէյճանական կողմի համար ծանր հետեւանքներ ունենա- լու հաւանականութեամբ:
Քասփրչիք իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ խոստացաւ գործնական քայլերու ձեռնարկելու՝ շփման գիծին վրայ ներկայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.
«Խուճապի Մատնուելու Կարիք Չկայ»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ վստահեցուց, որ հայ - ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը կը վերահսկուի հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ, եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ:
«Հակառակորդը քանի մը օր շարունակ ապատեղեկատուութեան եւ քաղաքական սադրանքներու միջոցով լարում յառաջացուց նախիջեւանեան սահմանին վրայ, եւ երէկուան կրակոցներուն հետեւանքով մենք երկու զինուորներ կորսնցուցինք: Պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը լռեց, իսկ այսօր պաշտպանութեան նախարարը Անճէյ Քասփրչիքին հետ հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ իրավիճակը լեցուն է լուրջ հետեւանքներով եւ Ատրպէյճանի համար կրնան շատ ծանր ըլլալ այդ հետեւանքները, եթէ կացութիւնը չմղէ դէպի հանդարտութիւն», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ դրդապատճառներու արժեւորում չի կրնար կատարել, որովհետեւ անոնք քաղաքական գնահատականի պէտք է արժանանան: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը կը վերահսկեն սահմանը եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, ո՛չ մէկ զօրահաւաք, ո՛չ մէկ տեղահանութիւն կայ: Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ 20 տարի շարունակ զինեալ ուժերը ինչպէս խնդիրը լուծած են՝ կը շարունակեն նոյն ձեւով լուծել, բայց, ըստ անոր, դժբախտաբար կորուստներ կ՛ըլլան, որովհետեւ մարտական իրավիճակ կը տիրէ:
Նախանցեալ օրուան դէպքին ընթացքին ոչ թէ ատրպէյճանական կողմէ ներթափանցման փորձ կատարուած է, այլ, նախնական տեղեկութիւններով, արձակազէնները կրակած են մարտական յենակէտի ուղղութեամբ: Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատեց, որ Նախիջեւանի սահմանին լարուածութիւնը նորութիւն է զինադադարի կնքումէն ի վեր: Նախարարին բանբերը վստահեցուց, որ ասիկա հայ - նախիջեւանեան սահմանին զինադադարի դրութեան խախտման բացառիկ դէպքերէն մէկն է:
Անդրադառնալով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն դիտարկման, թէ կան մեկնաբանութիւններ, որ Թուրքիա նաեւ ներգրաւուած է այնտեղ, Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ատիկա չի բացառուիր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ատիկա աւելի վտանգաւոր չէ՞, Յովհաննիսեան արձագանգեց՝ «մեզի համար հակառակորդը միշտ վտանգաւոր է»: Ան շատ աւելի հաւանական նկատեց այսօր պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը, քան քանի մը ամիս առաջ:
Համացանցին եւ մամուլին մէջ տարածուած էին այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Նախիջեւանի սահմանակից այդ տարածքէն բնակչութեան տարհանում տեղի կ՛ունենայ, ինչ որ նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը հերքէ: