ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ 30 Մայիսին կայացած է սփիւռքի նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը:
Օրակարգի վրայ եղած են Հայաստանի կառավարութեան 2010 թուականի 16 Սեպտեմբերի թիւ 36 արձանագրային որոշմամբ հաստատուած Հայկական Սփիւռքի գիտական, կրթական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներուն մէջ առկայ ներուժի հաշուառման մեքանիզմներու ու տուեալներու միասնական համակարգի ստեղծման ծրագիրի իրականացման նախաձեռնութիւններու կատարման ընթացքը, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Եւրոպայի հայ համայնքերու վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութիւնը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հարցեր:
Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վ. Վարդանեան նշած է, որ վերոյիշեալ տուեալներու միասնական համակարգի ստեղծման նպատակով կը հաւաքուին Սփիւռքի հայ մասնագիտական ներուժի վերաբերեալ նիւթեր, կը համալրուի ելեկտրոնային միասնական շտեմարանը, կը ստեղծուին համահայկական մասնագիտական ցանցեր, համահայկական ծրագիրներուն եւ համազգային խնդիրներու լուծման մէջ կ՛ապահովուի սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց ներուժի oգտագործման համար կը ձեւաւորուի նպաստաւոր միջավայր:
Ըստ անոր՝ կը կատարուի Սփիւռքի համահայկական եւ տարածաշրջանային, համայնքային կառոյցներու հաշուառում, մասնագէտներու, կազմակերպութիւններու եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու մասին ամբողջական տեղեկութիւններու ու տուեալներու հաւաքագրում, տեղեկատուական-ելեկտրոնային շտեմարանի ստեղծում: Կը ստեղծուին նաեւ Համահայկական համաժողովներու, գիտաժողովներու, փառատօներու, հաւաքներու, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներու մասնագիտական ընկերակցութիւններ:
2012-2014 թուականներուն սփիւռքի նախարարութեան ել-եկտրոնային շտեմարանը համալրուած է 19,430 անձերու եւ կառոյցներու տուեալներով:
Նշուած է նաեւ, որ սփիւռքի նախարարութեան տուեալներու շտեմարանին զուգահեռ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, հոգեւոր կառոյցներու, բարեսիրական կազմակերպութիւններու, հիմնադրամներու, մշակութային եւ կրթական կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու, հայագիտական կեդրոններու եւ ամպիոններու, գրադարաններու, մասնագիտական միութիւններու, նշանաւոր սփիւռքահայերու եւ անհատներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ ու տուեալներ կան նաեւ նախարարութեան ելեկտրոնային գրադարանին / www.libmindiaspora.am, Սփիւռքի պատմութեան «վըրչուըլ» թանգարանի/ www.armdiasporamuseum.com, «Հայերն այսօր» պարբերականի www.hayernaysor.am, «Արի տուն» ծրագիրի www.aritun.am, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի www.imhayastan.am կայքերուն վրայ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ պէտք է աւելի աշխոյժ ու արագ կերպով կազմակերպել շտեմարանին մէջ տուեալներու համալրումը՝ օգտագործելով նաեւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի գրադարանի տուեալները:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Եւրոպայի հայ համայնքերու վարչութեան կատարած աշխատանքներուն հաշուետուութիւնը ներկայացուցած է վարչութեան պետ Հ. Ասլանեանը:
Նախարարը նշած է, որ պէտք է աւելի սերտացնել կապը Արեւելեան Եւրոպայի հայ համայնքներուն հետ, ապահովել տեղեկատուութեան փոխանակման բոլոր կարելի միջոցները՝ համայնքներուն Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն մասին տեղեկացնելու եւ վերջիններս ներգրաւելու նպատակով: