Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունիս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուայ կապակցութեամբ Ա. Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ «Շառաւիղ» սուրիահայ մանկապատանեկան երգչախումբի համերգը: Միջոցառման ներկայ էր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: 

Համերգը սկսաւ երգչախումբի համար գրուած «Շառաւիղ» երգի կատարմամբ: Մանուկները հանդէս եկան մանկա- կան եւ հայրենասիրական ստեղծագործութիւններու կատարումով եւ արժանացան հանդիսատեսի ջերմ ծափերուն:
Մանուկներուն իրենց տօնին առիթով շնորհաւորեցին եւ բարեմաղթանքներ յղեցին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը:
Նշենք, որ միջոցառման կազմակերպման աջակցած էր ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի եւ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակները, «Ուորլտ Վիժըն Հայաստան» կազմակերպութիւնը:
Միջոցառման աւարտին փոքրիկներուն բաժնուեեցան նուէրներ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակներուն կողմէ:
«Շառաւիղ» երգչախումբը ստեղծուած է 2013ին սուրիահայերու նուիրումի եւ ջանքերուն շնորհիւ եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ գրաւած է հանդիսատեսի սէրն ու համակրանքը: