Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի բանակին մէջ նախանցեալ օր մահացած է  զինուոր մը:


Բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքի հաղորդագրութեան համաձայն, 19 տարեկան ժամկէտային զինուոր Վլատիմիր Ասատրեան  սահմանի  հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ մարտական դիրքերուն վրայ հերթապահութիւն կատարելու ընթացքին իր գնդացիրով անձնասպանութիւն գործած է:
Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները կը ճշդուին եւ քըննութիւն կը կատարուի: