Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը տարածած է, ուր կþանդրադառնայ Մայիս 29-ին Աստանայի մէջ Եւրասիական Տնտեսական միութեան անդամակցման համար Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուած պայմանին:

Յայտարարութիւն

Սոյն թուականի Մայիսի 29-ին Աստանայում Հայաստանին Եւրասիական Միութեանն անդամակցելու կապակցութեամբ Ղազախստանի նախագահ Նազարբաեւի միջոցով հնչած կոշտ պայմանը, մտահոգութեան առիթ է դարձել հայկական քաղաքական շրջանակներում:
2013 թ. Սեպտեմբերի 3-ին Մոսկուայում Մաքսային Միութեանը անդամակցելու մտադրութեան մասին ՀՀ նախագահ Ս. Սարգսեանի կատարած յայտարարութիւնից յետոյ բազմիցս քննարկման առարկայ է դարձել Արցախի մաս կազմելը Հայաստանի Հանրապետութեան ցանկացած միութեան անդամակցելուն:
ՀՀ պետական շրջանակները եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը, երբեք չեն բացառել այն հանգամանքը, որ ՀՀ-ն ԼՂՀ-ի անվտանգութեան երաշխաւորն է:
ԼՂՀ բնակչութիւնը բազմիցս է զգացել այդ երաշխաւորութեան թէ տնտեսական եւ թէ ռազմական բաղադրիչները:
Ցաւոք ՀՀ-ն իր արտաքին քաղաքականութեան շըրջանակներում առ այսօր չի յաջողել ԼՂՀ-ի անվտանգութեան երաշխաւորի իր յանձնառութիւնը միջազգային շրջանակներին ընդունելի դարձնել:
Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի անվտանգութեան առաջնահերթութիւնից ելնելով, կոչ ենք անում օր առաջ միջոցներ ձեռնարկել՝ ՀՀ-ի եւ ԼՂՀ-ի միջեւ համապարփակ ռազմաքաղաքական պայմանագրի կնքման համար։


ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէ

 

«Որեւէ Իշխանութիւն Չի Համաձայնի Եւրասիական Միութեան Անդամակցութեան Առանց Ղարաբաղի». Արմէն Ռուստամեան

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ խօսելով Աստանայի մէջ 29 Մայիսին կայացած չորս երկիրներու հանդիպման եւ Հայաստանի առնչուած Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի կատարած յայտարարութեան մասին՝ նշեց, որ որեւէ անակնկալ չի տեսներ այդ քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ, եւ ակնյայտ էր, որ Ղազախստանը հանդէս պիտի գար որպէս Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերու պաշտպան՝ կատարելով համապատասխան լոպիինկ, որովհետեւ Նազարպաեւը նախապէս ալ քանի մը առիթ տուած է այդպէս կարծելու:
Անոր համաձայն՝ Ատրպէյճան դուրս է համարկման այդ գործընթացներէն, եւ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Հայաստան չկարողանայ ամրագրել իր դիրքերը Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ: «Բնականաբար, հիմնական հարցն այստեղ Ղարաբաղի հարցն է, եւ երբ ասում էինք, որ «կամ, կա՛մ»ի հարց է դրւում, ուրեմն պէտք է առաջնորդուես՝ քո կենսական անհրաժեշտութիւնից ելնելով: Սպասելի էր, որ այս հարցն առաջանալու է, ու Ադրբեջանը փորձելու է այս անդամակցութեան միջոցով, Ղարաբաղի կարգաւորման հետ կապուած, իր համար նպաստաւոր պայմաններ ստանալ:
Անընդունելի են այն քննարկումները, որոնք կատարւում են երրորդ, չորրորդ կողմերից ստացուող նամակների հիման վրայ, դա բացարձակապէս չի տեղաւորւում միջազգային պրակտիկայի նորմերի մէջ, երբ խօսքը գնում է կոնկրետ երկրների միջեւ յարաբերութիւնների մասին, բայց ինչ որ մէկը դրսից նամակ է ուղարկում, որը պէտք է ազդի այդ քննարկման վրայ, երբ գիտենք, որ այդ մէկն աղաւաղուած ու ոչ ադեկուատ է ներկայացնում Ղարաբաղի հակամարտութիւնը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Անոր համաձայն՝ բոլոր փաստաթուղթերը, որոնց յղում կը կատարէ Ատրպէյճան, բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան: ՄԱԿի անդամակցութեան առնչութեամբ բազմիցս ըսուած է, որ չկայ այդպիսի ձեւակերպում, որ ՄԱԿը ճանչցած է սահմանները, բայց իրենք կը շարունակեն այդ առնչութեամբ իրենց պնդումները: Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան պայմաններուն առնչութեամբ Ա. Ռուստամեան դիտել տուած է, որ եթէ պիտի շարժինք Ալիեւի տրամաբանութեամբ, ապա վաղուց Հայաստանի ու Արցախի միջեւ պէտք է մաքսակէտ դրուած ըլլար:
Նոյն նիւթին մասին «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հաստատեց, որ ինչ ալ ըլլան իրադարձութիւնները, Դաշնակցութեան համար ակնյայտ է մէկ բան՝ Հայաստանի այլ կառուցներու միանալը չի կրնար որեւէ ձեւով փոխել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միասնական տնտեսական տարածքի այսօրուան իրավիճակը, եւ չի կրնար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ որեւէ պատնէշներ դրուիլ: «Սա պէտք է շատ յստակ ասեն Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ մեր հասարակութիւնը պէտք է վստահ լինի, որ ՄՄին եւ այլնին միանալը որեւէ կերպ չի փոխելու միասնական տնտեսական տարածքի առկայ իրավիճակը», ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը: