
Մայիս 29-ին տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի 15 երկիրներէ ժամանած 80 պատուիրակութիւններ:
Միջոցառման կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ԵՊՀ ռեկտոր Արամ Սիմոնեան, պաշտօնատար այլ անձեր, յայտնի արուեստագէտներ, մտաւորականներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի նախագահ Լիլիթ Գալստեան: Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի հիմնադրման 80 ամեակին նուիրուած տեսաերիզ:
Ողջունելով ներկաները՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց. «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատգամաւորական ժողովը 2-րդ անգամ հայրենիքում անցկացնելու գաղափարն ինքնանպատակ չէ. Համազգայինը, հաստատուելով Հայրենիքում, իր ներկայութեամբ նոր մշակոյթ ձեւաւորեց Հայրենիք-Սփիւռք կապերի սերտացման գործում՝ նոր որակներ ու երանգներ բերելով ազգային մշակութային քաղաքականութեան մէջ: Համազգայինը միշտ էլ հզօր զէնք է եղել Սփիւռքում հայ ինքնութիւնը պահպանելու, հայ մշակոյթը տարածելու եւ քարոզելու գործում»: Նախարարը իր ելոյթը աւարտեց Ներսէս Շնորհալիի խօսքերով. «Միասնութիւն՝ գլխաւորում, ազատութիւն՝ երկրորդականում, սէր՝ ամէն ինչում»:
Հ. Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով պարգեւատրեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը:
ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան ստորագրեցին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտին մէջ գիտական, կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման ու զարգացման ուղղուած Համագործակցութեան յուշագիր: